ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԷԼԱԶԸՂՑԻ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ՝ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան վերջերս այցելեց Տիարպաքըր, ուր պատարագեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ եւ խօսեցաւ խրատական մը:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ս. Քաղաքի վիճակաւորը՝ Հուսամ Նաում արքեպիսկոպոսը, որ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ հայոց վանքը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ՝ Կալկաթայի եկեղեցական վարչութեան եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տնօրէնութեան համատեղ հրաւէրով։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի ընթացքին կոչ՝ արդար խաղաղութեան հաստատման համար:
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներու հերթական խումբը։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով եռօրեայ նստաշրջանը երէկ եզրափակուեցաւ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջան:
Աւետիս Հաճեան կը տեղեկացնէ.-