ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Մեռելոցին առթիւ երէկ հոգեհանգստեան ընդհանուր կարգ տեղի ունեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։ Ընդհանուր հոգեհանգիստին հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։



Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Սուրբ Էմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ հայրապետական իր պատգամը տուաւ համայն հայութեան։
Այս շաբթուան իւրաքանչիւր օրը կը կրէ «Աւագ» անուանումը եւ ունի իր խորհուրդը: Աւագ շաբաթը կը սկսի Ծաղկազարդի Կիրակիով` Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքով: