ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՖՐԱՆՍԻՍՔԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան անդամներէն բաղկացեալ խումբ մը։ Միաբանութեան թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ արտասահմանի անդամներէն կը բաղկանար այս խումբը, որու կազմին մէջ էին, ինչպէս միաբան վարդապետներ, այնպէս ալ քոյրեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ ուսում ստանալէ վերջ երկար տարիներ ծառայած էր Հայաստանէ ներս։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։ Ս. Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին յիշատակեց Սուրբ Թարգմանիչները։ Քաղաքիս մէջ ալ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Իսրայէլի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքտորովը։ Հանդիպման ընթացքին Վիքթորովին ներկայացան դեսպանութեան քաղաքական հարցերով խորհրդատու Տիգրան Քոտպաշեան եւ առաջին քարտուղար Ֆէոտոր Կէորկի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջին օրերուն հոգեւորականաց համագումար տեղի ունեցաւ։ Սա թեմի հոգեւորականաց դասու այս տարուան երրորդ հաւաքն էր։
Արժանապատիւ Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեան Միաբան
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կը մասնակցի Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդի 16-րդ հերթական ընդհանուր ժողովին, որ պիտի տեւէ մինչեւ հոկտեմբերի 26-ը։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Այսպէս, Մայր Տաճարի ամրակայումէն վերջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած վերաօծման յաջորդած այս առաջին կիրակի օրը պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որոնք այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը գտնուին, երէկ Ջրվէժի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան կիրակնօրեայ արարողութիւններու։