ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արժանթինի հրէական կազմակերպութիւններու պատուիրակութեան նախագահ Խորխէ Քնոպլովիցը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Արիէլ Պլուֆշթէյնը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու ընդհանրութիւններուն եւ մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին։
Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան Գօշավանքի մէջ շաբաթավերջին խօսած քարոզին ընթացքին ըսաւ. «Այս օրերը ես կը կոչեմ անպատուութեան օրեր։ Կրկնակի անպատուութեան օրեր, որովհետեւ մենք համաձայնած ենք ընդունիլ այդ անպատուութիւնը։ Մեր այս ժամանակահատուածը նաեւ վերականգնումի ձգտումի ժամանակահատուած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց նաեւ Ս. Պատարագը։ Արարողութեան ընթացքին հայր սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը։ Ի ժամ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 24-րդ տարեդարձին առթիւ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը։ Այսպէս, ան արտասանեց Ներկայացուցիչներու տան նիստի բացման աղօթքը։
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի այն հոգեւորականներուն հետ, որոնք կը պաշտօնավարեն Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Նիքոլա Կասիանիտեսը։ Իր նշանակումէն վերջ ան անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս համախմբուեցան հին արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հոգեւոր առաջնորդները։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքի չեղեալ յայտարարուիլը նոր մարտահրաւէրներու դուռ բացած է սաղիմահայ կեանքէն ներս։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին «Կովերու պարտէզ»էն ներս բռնութիւններու մասին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Տաւուտ Լամէյ Աւ. Քահանայի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։