Լրահոս

ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ ձեռնարկուած ռազմափորձերու մթնոլորտին մէջ անցեալ շաբաթավերջին սաստկացած էին հրադադարի խախտումները եւ ազէրի զօրքերուն կողմէ կատարուած յարձակումներուն զոհ գացած էր չորս հայ զինուոր։

ՔԱԹԱՐԻ ՏԱԳՆԱՊ. ԿԱՄ «ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԻՇԽԱՆՆԵՐ»ՈՒ ԿՂԶԻՆ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բաւական խճճուած պատմութիւն ունի Քաթարը: Ալ Սանի գերդաստանի իշխաններով ղեկավարուող Քաթարը ոչ միայն Միջին Արեւելքի հեղուկ կազի մեծագոյն պաշարներով հարուստ երկիրն մըն է, այլ նաեւ քաղաքական առումով ու յատկապէս վերջին շրջանին ան դարձաւ մեծ դերակատարութիւն ունեցող առանցքային երկիր մը:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ երեկոյեան Երեւանէն ուղեւորուեցաւ դէպի Պելժիոյ մայրաքաղաքը, ուր այսօր կ՚ունենայ շարք մը շփումներ։

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ

​Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան իֆթարի սեղան մը սարքուեցաւ Չըրաղանի «Four Seasons» պանդոկին մէջ։ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուեցան զանազան յարանուանութիւններու եւ հասարակութեան զանազան շրջանակներու ներկայացուցիչներ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԱՐՏ ՖԵՍՏ» ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐԸ

Հայաստանի մէջ աւարտեցաւ «Արտ ֆեստ» միջազգային երիտասարդական փառատօնը, որ տեղի ունեցաւ Յունիսի 8-19 թուականներուն միջեւ եւ կրեց «Մէկ տանիքի ներքոյ» խորագիրը: Այսպէս, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին փառատօնը ամփոփեցին կազմակերպիչներն ու դատակազմի անդամները:

ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏԷՍ-ՈՒՂԵՑՈՅՑԸ

​Լոյս տեսած է Սիւնիքի մարզի պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցը, որ հնարաւորութիւն կու տայ զբօսաշրջիկներուն իրազեկուիլ եւ ծանօթանալ Սիւնիք աշխարհի պատմական յուշարձաններուն: «Հոգիի պարտք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Շողինէ Յովհաննիսեանի խօսքով՝ 2012 թուականին տպագրուած էր Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու, իսկ 2015 թուականին՝ Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզերու պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցները:

Էջեր