ԻՇԻՊ-Ի ՍԱՍՏԻԿ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ
Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ երկու եկեղեցիներ դարձան ահափեկչութեան թիրախ. 44 զոհ:
Եգիպտոսի մէջ երեք ամիս ժամկէտով արտակարգ դրութիւն հռչակուեցաւ: Վեհ. Հայրապետը ցաւակից Ղպտի պատրիարքին:
Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ երկու եկեղեցիներ դարձան ահափեկչութեան թիրախ. 44 զոհ:
Եգիպտոսի մէջ երեք ամիս ժամկէտով արտակարգ դրութիւն հռչակուեցաւ: Վեհ. Հայրապետը ցաւակից Ղպտի պատրիարքին:
Խրուաթիոյ Սփլիտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ծանրամարտի առաջնութիւնը։ Շաբաթավերջին այս մրցաշարքին շրջագծով Հայաստան ապահովեց ոսկէ մետայլ մը։
Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը երէկ պաշտօնապէս ամփոփեց խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը։ «Արմէնփրէս» հաղորդումներով, քուէարկութեան վերջին արդիւնքի ամփոփման զուգահեռ՝ յայտնի դարձաւ նաեւ, թէ նուազագոյն պատնէշը յաղթահարած չորս կուսակցութիւնները քանի՛ աթոռ պիտի զբաղեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովէն ներս։
Նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արաքսի ազատ գօտիի նիւթական օժանդակութեամբ վերանորոգուած ցուցասրահին:
«Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամ»ը Հայաստանի Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին հետ համատեղ Մայիսի 7-ին Ծաղկաձորի մէջ պիտի կազմակերպէ «Քոնիաքի փառատօն», որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հովանաւորութեան ներքոյ։ Փառատօնին նպատակն է հայկական քոնիաքի միջազգային ճանաչման բարձրացումը, ինչպէս նաեւ աւանդական եւ նոր շուկաներու մէջ անոր հանրայնացումը:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Աստուածամայրը հայկական պատկերաքանդակներու մէջ» լուսանկարչական ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ Աստուածամօր պաշտամունքի պատմականօրէն ձեւաւորուած արտացոլումները վաղ քրիստոնէական շրջանէն մինչեւ 18-րդ դար:
Շուէտի մայրաքաղաքը՝ Սթոքհոլմի մէջ երէկ պատահեցաւ սարսափելի դէպք մը։
«Իքոթ» պետական հեռուստակայանի հաղորդումներով, չորս անցորդներ սպաննուած են, երբ մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի ենթարկուած են բեռնակառքի մը կողմէ:
Հայաստանի սուրիահայերը կը խրախուսուին երկրի տնտեսութեան համարկման ճանապարհին:
Սփուռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. «Պէտք է ամէն ինչ ընել՝ խնդիրներու արագ եւ համակարգուած լուծման համար»:
Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցի սաներուն տարեկան ուղեւորութիւնը:
Ապագայ դիւանագէտները շնչեցին Պրիւքսելի եւ Վիեննայի միջազգային կառոյցներուն մթնոլորտը:
«Էր Ֆրանս» օդանաւային ընկերութեան պաշտօնական ամսագրին մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանը զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ դարձնող տասն պատճառներու: