ՄԵՂԵԴԻՆԵՐՈՒ ՀՐԱՇՔԸ
Հայ երաժշտութեան անմոռանալի եւ անկրկնելի հանճարներէն Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական փառաշուք երեկոյթը բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ թէ՛ կատարումներու մակարդակով ու որակով եւ թէ երաժշտասէրներուն պարգեւած բարձր տրամադրութեամբ:
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ հայաստանի հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը կը շարունակէ մշակութային նախաձեռնութիւններով ի յայտ բերել նոր տեսլական մը, որով հասարակաց արժէքներու հիման վրայ կը բիւրեղանան բարի ցանկութիւնները ։
Նաիրի Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին ձեռնարկը բնորոշուեցաւ արտակարգ ոգեւորութեամբ, որոտընդոստ ծափահարութիւններով եւ մեծ համախմբումի մը մթնոլորտով։
Պատուոյ հիւրերու շարքին էին՝ Արտաքին գործոց նախարարութենէն Այշէ Ուզէր, ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքու եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
CRR-ի բեմին վրայ ջութակահարուհի Անուշ Նիկողոսեան, դաշնակահարուհի Սօնա Բարսեղեան եւ թաւջութակահար Միքայէլ Նաւասարդեան հմայեցին երաժշտասէրները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու պարագային հաւանական կը դառնայ փոխադարձաբար միջազգային հայցերու չներկայացումը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անգարա կը շարունակէ խրախուսական արտայայտութիւններով հանդէս գալ Հարաւային Կովկասի ապագային համար։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը մօտ է՝ աւելի քան երբեք։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Հայաստան չմսխեն այս պատմական հնարաւորութիւնը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան երկու հարեւան երկիրներու համատեղ օրակարգին վերաբերեալ նիւթերու։
Ռիոյի մէջ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Պրազիլիոյ հիւրընկալմամբ, աշխարհի յառաջատար երկիրներու՝ այսինքն մեծագոյն տնտեսութիւններու ղեկավարները ծաւալեցին բազմակողմանի քննարկումներ, որոնք կեդրոնացան երկրագունդի հրատապ օրակարգին՝ կլիմայի փոփոխութեան, սովի վտանգաւոր հեռանկարներուն եւ այլ յարակից հարցերուն շուրջ։
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան կարեւոր նախաձեռնութիւնը:
Հաղորդակցութեան նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ աշխուժօրէն կ՚աշխատի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցին մէջ։
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ վերջին շրջանին առաջնահերթութիւն դարձած է Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Անգարա-Ուաշինկթըն բարձր մակարդակի բոլոր շփումներէն վերջ կը յայտարարուի, որ տարածաշրջանը ուշադրութեան կիզակէտին գտնուած է։