ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ Ժընեւի մէջ տեսակցեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Էկէրի հետ։ Նախագահ Խաչատուրեան, որ դէպի Զուիցերիա աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ, Միրիանա Էկէրի հետ արծարծեց Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու, պատանդներու եւ կորսուած անձերու վերաբերեալ խնդիրները։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին արդիւնաբերական համագործակցութեան եւ փոխադրութեան ոլորտէ ներս՝ փոխադարձ շահաւէտ շարք մը նախագծերու գործնական իրականացումը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային լրահոսին մէջ։ Մոսկուա-Պերլին առանցքին վրայ երկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ այսպիսի շփում մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յատկապէս վերջին տարիներուն տասնեակ անգամ կարդացած է Անկախութեան հռչակագիրը։ «Ես եկած եմ սարսափելի եզրակացութեան մը, թէ այդ Անկախութեան հռչակագրին բովանդակութիւնը այն մասին է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Սա մեր ամենամեծ խնդիրն ու ողբերգութիւնն է», ըսաւ ան։
Համաշխարհային դրամատունը կը ծրագրէ յառաջիկայ տասն տարուայ ընթացքին 150 միլիառ ամերիկեան տոլար յատկացնել՝ կլիմայի վերաբերեալ նախագծերու գանձատրման համար։ «Ինթերֆաքս»ի հաղորդումներու հիման վրայ, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Համաշխարհային դրամատան կայուն զարգացման հարցերով փոխ-նախագահ Եուրկէն Ֆիյոկէլ Պաքուի COP29 գագաթաժողովի ընթացքին այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ մանրամասնութիւններով։
Թուրքիա-Քաթար գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կ՚որոնեն՝ զարգացնելու յարաբերութիւնները:
Ժընեւի համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի հիմնադրութեան փայլուն 50-ամեակը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Հայկական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարարները անդրադարձան երկկողմանի օրակարգին, նաեւ խօսեցան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերուն շուրջ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հալէյը։ Հիւր նախարարը այցելեց TUSAŞ-ի կեդրոնը, որ անցեալ սեպտեմբերի 23-ին ահաբեկչական յարձակման թիրախ դարձած էր։
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է միջնորդի դեր խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ՝ եթէ անոնք փափաքին։