Լրահոս

«CHANCELLOR՚S PROFESSOR» ԿՈՉՈՒՄ

Ամերիկահայ ակադեմական տքթ. Հուրի Պէրպէրեան «Chancellor՚s Professor» կոչման արժանացած է Գալիֆորնիոյ Համալսարան-Իրվինէն (UCI) ներս։ Ան այս համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօսներէն է, միեւնոյն ժամանակ, Հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնուհին։ 

ՀԱՅԱԶԳԻ ՈՒԻԼԻԸՄ ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի ոստիկանապետ նշանակուեցաւ հայազգի պաշտօնեայ մը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Կլենտէյլի ոստիկանապետի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ հայազգի պաշտօնատար մը:

ԴՐՈՒԱՏԱԼԻՑ ԽՕՍՔԵՐ

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հիւրընկալեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէն։ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ զուգադիպեցաւ Անգարայի մէջ նախատեսուած դաշինքի գագաթաժողովի ճիշդ նախօրեակին։ 

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունեց Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշը, որ Պաքու մեկնած էր՝ մասնակցելու համար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարանական միութեան 20-րդ նստաշրջանին։

ՆՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Անցեալին օգտագործուած կարեւոր երկաթուղիներն ու մայրուղիները վերագործարկման ճանապարհին:
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը միշտ կ՚ուղղորդուի հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ հորիզոններով:

ՆՈՐ ԴԵՐ ՄԸ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը միայն մէկ անգամ չէ, որ «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու մասին յայտարարութիւն մը կը կատարէ: Վերջինը հետեւեալն է. «Իսրայէլէն յուսախաբուած եմ, որ առանց Լիբանանի մէջ շէնքեր քանդելու՝ չի կրնար բան մը ընել, «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարային ուժ տալու կը մօտենամ»:

ՖՈՆ ՏԷՐ ԼԷՅԷՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Միջազգային աղբիւրներու հրապարակումներով՝ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի ընկերակցելիք պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի գտնուի՝ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով յանձնակատար Մարթա Քոս։ 

Էջեր