ՏԱՌԱՃԱՆԱՉԸ
Ընկերային ցանցերու վրայ աչքի կը զարնեն դիպուկ բանաձեւումներ, որոնք կը մերկացնեն մարդոց սին մեծամտութիւնները. «Այն, որ գիրք չի կարդար, որեւէ առաւելութիւն չունի ոչ-տառաճանաչին դիմաց»։ Նուազագոյնը ընելով առաւելագոյնին հասնելու ձգտումը կամ մտայնութիւնը մարդու էութեան մէջ է։