ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ԻՍԼԱՄԱՊԱՏԻ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊ
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իշաք Տար ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Երկու նախարարներն ալ ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներով հանդէս եկան իրենց զրոյցին կապակցութեամբ։