Լրահոս

ՀԲԸՄ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷ ՆԵՐՍ ՊԱՂԱՐԻՒՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստանի մէջ պաղարիւնութիւն ու միասնականութիւն վերահաստատուի։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ պետութեան ու եկեղեցւոյ միջեւ ծագած լարուածութեան կապակցութեամբ։

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Չիքովանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւր նախարարը յարգանքի այց մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՀԱՄԱՐ ԺՈՂՈՎ

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մօտաւոր ապագային կը նախատեսուի Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկման հարցին վերաբերեալ հանդիպում մը։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացի շրջանակներէն ներս կ՚առնուի այս քայլը։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻՆ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՄՐՑԱՆԱԿ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն Գէորգ Պետիկեան արժանացած է պատուաբեր մրցանակի մը։ Ան վեթերան սիւնակագիր մըն է, որ արեւմտահայերէնով լրատուամիջոցներու ընթերցողներու յարգանքն ու համակրանքը կը վայելէ, նաեւ թերթիս պատուակալ աշխատակիցներու շարքին է։

Էջեր