ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ԿԱԶԱՄՈՒՂ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ
Ռուսաստան եւ Չինաստան կը ծրագրեն մօտաւոր ապագային կնքել պայմանագիր մը, որու հիման վրայ Մոնղոլիոյ տարածքով նոր կազատար մը պիտի կառուցուի։ Այսպէսով կը նախատեսուի Ռուսաստանէն դէպի Չինաստան բնական կազ մատակարարել։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւան-Պաքու երկխօսութիւնը կը շարունակուի զանազան հարթութիւններու վրայ՝ մինչ կողմերը խտացեալ աշխատանք կը տանին ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան ուղղութեամբ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ Ժընեւի մէջ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի ազգային ժողովի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ։
Թիֆլիզ կը հաւատայ, թէ Երեւանն ու Պաքուն հաշտութեան ուղղութեամբ պայմանաւորուածութեան կը հասնին:
Միրզոյեան Սթրազպուրկի մէջ տեսակցեցաւ ԵԽ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ԵԽԽՎ-ի նախագահին հետ:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Արմէն Գրիգորեան երէկ Հանրային հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման։ «Եթէ սահմանազատում կը կատարուի, ապա դիրքերը կարեւոր չեն, կարեւոր է՝ սահմանին ուրկէ անցնիլը», ըսաւ ան։
Ֆրանսայի անդրծովեան տարածքներէն՝ Խաղաղականի Նոր Գալետոնիոյ մէջ ծագած են խռովութիւններ։ Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Ֆրանսայի այս գաղութին մէջ անկախութեան հետամուտները կը բողոքեն՝ մերժելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ընդգրկուելու համար՝ տասն տարի բնակութիւնը բաւ համարելու նախաձեռնութիւնը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ այցելեց Արցախ։ «Կովկասեան տարածաշրջանին համար՝ որպէս առաջնորդ պատասխանատու է Ալիեւը», ըսաւ Լուքաշենքօ ակնարկելով առկայ անհանգիստ իրավիճակին։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները պիտի քաջալերուին «Միջին միջանցք»ի ձեւաւորման ճանապարհին: