«ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՆ…»
Մինչ Միրզոյեան եւ Պայրամով քննարկումներ կը ծաւալեն՝ Երեւանի մէջ կ՚ընթանան քաղաքացիական անհնազանդութիւնները:
Ալմաթիի մէջ այսօր կը շարունակուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ երէկ սկիզբ առած բանակցութիւնները:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստանի պառակտեալ ու բեւեռացեալ հասարակութեան վերամիաւորման ճանապարհին կարեւոր անկիւնաքար:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով այսօր ժամադրուած են Ալմաթիի մէջ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ապու Տապիի մէջ տեսակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ ալ Նահիանի հետ։ Ան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տար այդ երկիրը։
«Literatür» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է «Ermeni Basınında Lozan Barış Antlaşması» գիրքը, որու հեղինակն է Խաչատուր Ներսէսօղլու։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ բաւական երկար ընդհատումէ մը վերջ տեսակցեցան Մոսկուայի մէջ։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովէն վերջ, Քրեմլինի պալատին մէջ ուշ ժամերուն տեղի ունեցաւ այս կարեւոր տեսակցութիւնը, որու սկիզբի փուլին երկու ղեկավարներն ալ շեշտը դրին տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն վրայ։
Էրտողան Ասատովի հետ հանդիպման ժամանակ խօսեցաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի մասին:
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք անդրադարձան տարածաշրջանային հարցերու։
Անժամանցելի հետքեր. Արա Կիւլէրի որսած դրուագները կ՚անդրանցնեն ժամանակները: Արա Կիւլէրի թանգարանին կազմակերպած «Գումգաբուի ձկնորսները» ցուցահանդէսը լոյս կը սփռէ անմոռանալի վարպետի լուսանկարչական կալուած մուտքին վրայ: Առաջին անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած թէ՛ վաւերագրական եւ թէ գեղարուեստական գերազանց արժէքով գործերը կը ցոլացնեն՝ նոյնիսկ ոսպնեակէն յորդածները: Ձեռնարկի երէկուան բացումը համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ, հասարակական կամ մշակոյթի գործիչներ եւ համայնքային շրջանակներէն դէմքեր: Հիւրերու շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան: