ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆԵՐԸ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ (ապրիլի 10-ին), կառավարութեան ծրագրի 2023-ի արդիւնքներու զեկոյցի քննարկման ընթացքին, մէկդի դնելով վիճակագրութիւն ու զանազան՝ ընկերային, տնտեսական ծրագրերու գնահատականը, վարչապետ Փաշինեան կեդրոնացաւ «պատմական Հայաստան» եւ «իրական Հայաստան» ըմբռնումներուն, տեսլականներու բախումին, հակադրութեան քննարկման վրայ։
Երեւան եւ Պաքու աւելի դրական խօսոյթով մը արտայայտուիլ սկսած են հաշտութեան գործընթացին շուրջ:
ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ահմէտ Եըլտըզ յայտարարեց, որ Հայաստան կ՚ընթանայ ճիշդ ճանապարհով։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մէջ այս շրջանին կը բաժնէ՝ Ֆրանսայի կողմէ նուիրաբերուած ժեներաթէօրները։ Թիւով չորս՝ 100 քիլօվաթ հզօրութեամբ այս տիզել ժեներաթէօրները ապահովուած են Ֆրանսայի շարք մը քաղաքապետարաններու եւ տեփարթըմաններու գանձատրումով, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի ջանքերով։
Միջազգային ճազի օրը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան իրերայաջորդ համերգներ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ատրպէյճանի հետ սահմանագծումը Հայաստանի մէջ համատարած մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ:
Յունական արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն Քաւաֆիսի գործերը՝ ներշնչանքի աղբիւր բոլորին համար:
Կազզէի տագնապի յաղթահարման ուղղեալ Շփման խումբը հերթական ժողովը գումարեց Ռիատի մէջ:
Վրաստանը, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստացած է, այդ առումով խանդավառ շրջանէ մը կ՚անցնի եւ հեռանկարային հաշուարկներով հանդէս կու գայ։ Երկրի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, որու հիմնադիր ու պատուոյ նախագահ Պիծինա Իվանիշվիլին համոզուած է, թէ Վրաստան 2030 թուականին պիտի անդամակցի Եւրոմիութեան։