ԲՈՒՆԻԱԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Երէկ, Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Հայաստանի մէջ պարգեւատրուեցաւ յայտնի լրագրող Հեղինէ Բունիաթեան, որ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութեան ղեկավարն է։
Երէկ, Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Հայաստանի մէջ պարգեւատրուեցաւ յայտնի լրագրող Հեղինէ Բունիաթեան, որ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութեան ղեկավարն է։
Արեւմուտքը կը ջանայ Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մթնոլորտին մէջ առանձին չթողուլ Ուքրայնան:
Ժոզէֆ Պորէլ. «Եթէ զէնքի մատակարարումը դադրեցնենք, ապա հակամարտութիւնը երկու շաբաթէն կ՚աւարտի»:
Տանըլտ Թրամփ թերահաւատ՝ երկու պետութեան հիմունքով լուծման հեռանկարի պարագային:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածուն միշտ պատրաստակամ Իսրայէլը պաշտպանելու:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետը՝ Էօզկիւր Էօզէլը։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին ընտրութիւններու արդիւնքներով պայմանաւորուած քաղաքական կլիմային մէջ անոնք զրուցեցին աւելի քան մէկուկէս ժամ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը (USCIRF) 2024 թուականի տարեկան զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ հայաթափուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան։
«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած վերջին զեկոյցին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ՝ Հայաստանի պարագային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ենթարկուած ճնշումներուն վրայ։
Յովհաննէս Այվազովսքիի «Հարաւային ափին» նկարը, որ նախապէս գնահատուած էր 400-600 հազար սթերլին, աճուրդի ընթացքին վաճառուած է 514 հազար սթերլինով։ Աճուրդը կազմակերպած է «MacDougall՚s» աճուրդատունը։
Վանաձորի «Յովհաննէս Աբելեան» պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պրետ Պէօրտի բեմագրութեան վրայ հիմնուած «Ռաթաթույ» ներկայացման առաջին ցուցադրութիւնը: Հայաստանի մէջ ներկայացումը արժանացաւ ինչպէս կրտսեր, այնպէս ալ մեծահասակ հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան:
Պարսելոնայի, Սպանիա, աշխարհահռչակ Սակրատա Ֆամիլիա տաճարի կառուցումը կ՚աւարտի 2026 թուականին՝ կառուցման մեկնարկէն 144 տարի վերջ:
Սպանացի ճարտարապետ Անթոնի Կաուտիի գլուխգործոցը աւարտին հասցնելու նպատակով ստեղծուած կազմակերպութեան նախագահ Էսթիւ Քամփս յայտարարած է, որ կառուցման աւարտը կը համընկնի ճարտարապետի մահուան 100-ամեակին։
Փաշինեան. «Մենք հիմա ո՛չ թէ Կիրանցի, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը կը գծենք»:
Ըստ վարչապետին, յառաջիկայ տարիները վճռորոշ պիտի ըլլան պետութեան անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան համար: