ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՄԻՋԵՒ ԴԵՂՕՐԱՅՔԻ ՓՈԽԱՆԱԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը մնայ Կազզէի պատերազմին վրայ, մարդասիրական հերթական նախաձեռնութիւն մը միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կը գրաւէ՝ որքան որ ալ երկարաժամկէտ խաղաղութեան մը յոյսը չներշնչէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ նոր հարուածներ հասցուց Եմէնին։ Այսպէս, թիրախաւորուեցան հուսիներու «Անսար Ալլահ» ապստամբական շարժման կառոյցները։ Ըստ ամերիկեան աղբիւրներուն, ռմբակոծուեցան հուսիներու քանի մը թիրախները, ուրկէ նոր յարձակումներ կը նախապատրաստուէին։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր զգուշացումներով։ Վերջին շրջանին պաղառութեան եւ շնչառական համակարգի բորբոքումներու դէպքերը անհամեմատօրէն աւելցած են։
Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչութեան օրակարգով իրազեկման յատուկ նիստ մը եւ ընդունուեցաւ համապատասխան որոշում մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն Տաւոսի մէջ կը մասնակցի՝ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Նախագահ Խաչատուրեան երէկ Տաւոսի մէջ տեսակցեցաւ Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորին հետ։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ Տէր-Պետրոսեանի առանձնատան մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վաղը Պուտափեշտ պիտի այցելէ՝ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հրաւէրին ընդառաջ։ Էրտողան եւ Օրպան պիտի գլխաւորեն Թուրքիա-Հունգարիա բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի 6-րդ ժողովը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել կարելի չ՚ըլլար Ատրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցման հետեւանքով։ Ան համոզուած է, թէ այդ պայմանագիրը պէտք է կնքուի քարտէսներու հիման վրայ եւ առանց քարտէսներու՝ որեւէ լուծում խնդրայարոյց կ՚ըլլայ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը՝ մինչեւ ամսավերջ:
Ճայշանքարի Թեհրան այցը եւ Իրանի կողմէ հարուածներ՝ Իսրայէլի հետախուզական կառոյցներուն դէմ: