ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏԿԱՐԱՆԱՅ ՆԱԽԿԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ
Անգլիական հեղիկանաւոր «The Economist»ը 2024 թուականի վերաբերեալ կանխատեսումներու շրջանակին մէջ մասնաւոր տեղ յատկացուց Հարաւային Կովկասին։ Այսպէս, Ուքրայնայի հակամարտութիւնը չէ դադրած եւ այս համայնապատկերին վրայ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ։
Ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Հայկական համագումարի (ԱՀՀ) Երեւանի տարածաշրջանային տնօրէնուհի Արփի Վարդանեան, որ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան լուրջ ներդրում ապահոված գործիչ մըն էր։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս սկսած են գրաբարի դասընթացքներ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը։
Թուրքիա ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ՝ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նահատակուած զինուորներուն:
Մեծ կղզիի յունաց երբեմնի որբանոցի պատմական հսկայ շէնքի վերանորոգման նախաձեռնութիւնը:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերջին օրերուն կատարուած յայտարարութիւնները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ որակուեցան լրջագոյն հարուած խաղաղութեան գործընթացին։
Արմէն Գրիգորեան Արեւմուտքի հիմնական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկումներ ծաւալեց:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հիւսիսային Իրաքէն հասած լուրերը երէկ խոր ցաւ ու մեծ ցասում յառաջացուցին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք զինեալ ուժերուն եւ անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան՝ ՓՔՔ-ի միջեւ ծագած բախումներուն հետեւանքով 9 զինուոր նահատակուեցաւ։
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար երկուշաբթի պիտի այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ, նաեւ պիտի հիւրընկալուի երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ։