ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ՔԱՅԼԵՐ
Նախարարներ Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի երէկուան հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակին շուրջ:
Անգարա եւ Մոսկուա անհրաժեշտ կը նկատեն՝ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներու լուծման ճանապարհին անմիջական շփման մէջ ըլլալ: Եւրոպայի կառոյցներէն ալ յայտարարութիւններ:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր դարձեալ ժողով մը կը գումարէ Պաղեստինի հարցին շուրջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները վերջին օրերուն տեղեկացուցին, որ սպառազինութեան ոլորտէն ներս Ռուսաստանի հետ խնդիրները մեծամասնութեամբ կարգաւորուած են։ Ծանօթ է, որ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ երկար ատենէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու շարքին կ՚առանձնանար այս հարցը։
Հայկական ֆութպոլի մեծ աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան այս շրջանին թեւակոխած է իր ծննդեան 35-ամեակը։ Ան ներկայիս կը կրէ Իտալիոյ «Ինթեր» ակումբի մարզաշապիկը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան զանազան երկիրներու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած երկրի դեսպանները։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ այս երկօրեայ հաւաքը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։
Թուրքիա միջազգային զանազան ուժի կեդրոններու հետ շփումներով յառաջ կը տանի իր դիւանագիտութիւնը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Մենք Ատրպէյճանէն կ՚ակնկալենք երաշխիքներ ու պատրաստ ենք տալ երաշխիքներ»։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Իսրայէլ-Պաղեստին հրադադարի մը հաստատման հարցը շաբաթավերջին քննարկեց «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեան հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած առկայ հարցերուն շուրջ Իսրայէլի իշխանութիւններու նկատառման յանձնեց իր մօտեցումները։ Ան Իսրայէլի ղեկավարութեան յորդորեց՝ Սաղիմահայ համայնքը պաշտպանել բռնութիւններէն։
Ֆրանսա կրկնեց Հայաստանի ի նպաստ շարունակական աջակցութիւնը՝ երկրի նոր նախարարաց խորհուրդի ձեւաւորումէն վերջ։ Վարչապետ Կապրիէլ Աթալի գլխաւորած կառավարութեան նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարը՝ Սթեֆան Սեժուրնէ շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։