ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակեալ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ թէեւ բանտէն դուրս եկած է, սակայն, ըստ վերջին իրադարձութիւններուն, դժուար թէ կարողանայ այդպէս շարունակել։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Օկիւն Սամաստ բանտէն դուրս գալով պահ մը կարծած է, թէ այլեւս փրկուած է, սակայն ներկայիս նոր մեղադրանքներու, հետեւաբար նաեւ նոր դատավարութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի։
«The Armenian Mirror-Spectator» անգլիատառ շաբաթաթերթը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած խումբ մը դեսպաններ վերջերս այցելեցին Մատենադարան, ուր կատարեցին շրջայց մը, որու ընթացքին ծանօթացան մշտական ու ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։ Օտարերկրեայ դիւանագէտները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Մատենադարանի վերականգնման բաժինն ու արխիւային վաւերագրերու պահոցը։
Շաբաթավերջին Օսմանպէյի մէջ յարգանքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ նահատակեալ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի։ Իր հիմնադրած «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան շէնքին առջեւ, հանրահաւաքի մը ձեւաչափով նախատեսուած էր այս ցոյցը, որու մասնակիցները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին՝ Հրանդ Տինքի ոճրագործին՝ Օկիւն Սամաստի բանտէն ազատ արձակուելուն դէմ։
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին նստաշրջանը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պահրէյն, ուր մասնակցեցաւ Մանամայի երկխօսութեան գագաթաժողովին։ Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու միջազգային կաճառին կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը համախմբեց աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Արարատ Միրզոյեան այս հաւաքոյթի ընթացքին ներկայացուց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը։
Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» սրահի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ հասարակական գործիչ ու գրող Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքին շնորհանդէսը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի Վիգէն Յովսէփեան, որու բանաստեղծութիւններու ժողովածոն կը կոչուի՝ «Աստղերու հաւատքով»։
Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթի այսօր տարածաշրջանային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ուղեւորութեան առաջին կանգառը կը հանդիսանայ Երեւան, ուր ան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց դպրոցներուն պատասխանատուները երէկ Եուսուֆ Թեքինի հետ տեսակցեցան՝ Պէյօղլուի Ուսուցչաց տան երդիքին տակ:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Կը հաղորդուի, որ վարչապետը նշեց, թէ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները կը շարունակեն աշխոյժ զարգանալ։