ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԽԱՂԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը՝ հրատապ հրադադար հաստատելու Կազզէի մէջ, չ՚առարկայանար պարզապէս այն պատճառով, որ Իսրայէլ որեւէ ձեւով մտադիր չէ կրակը դադրեցնելու: Առաջադրուածը Կազզէի ժողովուրդին տեղահանումն է եւ «Համաս»ի արմատական ոչնչացումը:
Այսօր բովանդակ Թուրքիան հերթական անգամ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Իր մահուան 85-րդ տարելիցին առթիւ ամբողջ երկիրը կը խոնարհի իր անանց յիշատակին առջեւ ու կը վերանորոգէ անոր նկատմամբ անսահման երախտագիտական զգացումները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Ճարտարապետութեան ու շինարարութեան ազգային համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Վարդգէս Գրիգորեան վերջերս իր գիւտով արժանացաւ միջազգային ոսկէ վկայականի մը։
Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը ուշադրութեան առարկայ:
Մեծն եօթնեակը կը գիտակցի Փեքինի հետ համագործակցելու կարեւորութիւնը՝ կլոպալ մարտահրաւէրներու պարագային:
Արցախի անկումէն շաբաթներ անց, ամէն օր նոր բացատրութիւններ եւ տեղեկութիւններ կը տրուին ա՛յն ահաւոր, ճգնաժամային քանի մը օրերուն մասին, երբ Ատրպէյճանի յարձակումը շղթայազերծուեցաւ, բուռն դիմադրութենէ ետք զինադադար յայտարարուեցաւ, պաշտպանութեան բանակը յանձնուեցաւ եւ ծայր առաւ զանգուածին գաղթը։
Ըստ Պաքուի, հայկական կողմը պէտք է ըլլայ արդար ու շինիչ եւ ճիշդ ըմբռնէ տարածաշրջանի իրողութիւնները:
Հայկական դիւանագիտութիւնը երէկ ցաւալի կորուստ մը կրեց. ոչ եւս է դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան, որ կեանքէն հեռացաւ 72 տարեկանին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ գուժեց, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան կնքած է իր մահկանացուն։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս բացուած է շահեկան եւ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը: