ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ՎՃԻՌ
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը երէկ արձակեց վճիռ մը, որով Ատրպէյճանը կը պարտաւորուի ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի իրաւունքը։ Լահէյի միջազգային դատարանը այս որոշումը տուաւ՝ Հայաստանի դիմումին հիման վրայ՝ Ատրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ծովափին յայտնուած են քով քովի։ Թէեւ նոյն նստարանի երկու ծայրամասերուն վրայ են, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ զիրար նոյնսիկ նկատած չըլլան։ Օտար են իրարու ու լրիւ անհաղորդ։ Անծանօթներու միջեւ տարրական քաղաքավարական կապ մը հաստատելու համար՝ ընդունուած ձեւերէն որեւէ մէկուն դիմելու կամքն ալ չունին, ակնյայտօրէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան ամբողջ թափով կը բիւրեղացնէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ տեսլականը:
Պուքրէշի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որ նուիրուած էր Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ տեղահանեալ հայութեան ընկերային կացութեան։ Ռումանիոյ Կրօնից նախարարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ժողով-քննարկումը։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամաստ երէկ դուրս եկաւ բանտէն։ 19 յունուար 2007 թուականին լուսահոգի Հրանդ Տինքը նահատակած Օկիւն Սամաստ այդ ժամանակ 17 տարեկան էր։
Դէպի Լոնտոն պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Chatham House»ի (Անգլիոյ միջազգային յարաբերութիւններու արքունի կաճառ) երդիքին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի ընձեռած հնարաւորութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ