ՏԱՐՀԱՆՈՒՄԸ ԱՒԱՐՏԵԼՈՒ ՎՐԱՅ Է. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՅԵՐ ՊԻՏԻ ՉԱՊՐԻՆ ԱՐՑԱԽԷՆ ՆԵՐՍ
Արցախէն տարհանումը ամբողջ թափով ընթացքի մէջ է։ Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ այն վիճակագրութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն շուրջ 80 տոկոսը արդէն լքած է իր հայրենիքը եւ փոխադրուած Հայաստան։ Ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն, երէկ, ժամը 22.00-ի դրութեամբ, Արցախէն Հայաստան բռնի տեղահանուածներուն թիւը հասած է 98 հազար 929-ի։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի քարտուղար Մութեպեր Եըլմազճան-Սիմոնեթթի այս շրջանին հեղինակած է «AZ» անուն գիրք մը, որ բաւական հետաքրքրական է ու կը համարուի եզակի՝ իր նմաններու շարքին։
Արցախի Պաշտպանութեան բանակի երկու նախկին յառաջատար դէմքեր երէկ ձերբակալուեցան Ատրպէյճանի կողմէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պաքու սկսած է Արցախի զինուորականները ձերբակալել։
ԱՄՆ կը պատրաստուի Հարաւային Կովկասէ ներս տեղակայել՝ աղէտներու արձագանգման խումբ մը:
Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան յարգէ՝ պայմանագրով ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ կարճ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ շատ ամփոփ խորհրդածութիւն մը ընելով երկրի առկայ քաղաքական իրադրութեան շուրջ։
Լիբանանահայ երիտասարդներ երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պէյրութի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը եւ «Արեւելք» կայքէջը մանրամասնութիւններ հաղորդած են Պէյրութի մէջ, Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցին կապակցութեամբ։
Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ վերջին օրերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց մէջ անդրադարձաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ հանդիպման հաւանականութեան։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Հայկական կողմը շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդեց զրոյցի բովանդակութեան շուրջ, իսկ թրքական պաշտօնական աղբիւրները որեւէ հաղորդում չըրին: