ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ CRR-Ի ԵՂԱՆԱԿԻ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը շաբաթավերջին համերգով մը հանդէս եկաւ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։ CRR-ի երդիքին տակ կազմակերպուած եղանակի եզրափակիչ ելոյթին մասնակցեցաւ 115 հոգիէ բաղկացեալ մեծ եւ ընդհանրական երգչախումբ մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Վարդանանցը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Համայն աշխարհ վերջին օրերուն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Ռուսաստանի մէջ ծագած ներքին խռովութիւններուն։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի հերթական նիստը։ Սա 33-րդ ժողովն էր, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը։
Կիթառի դիպուկ նուագներու խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ կը հնչեն երգի մը բառերը. երազներուն ալ ժամանակը կ՚անցնի… Մարդկային երեւակայութիւնը թէեւ անսահման է, սակայն կերպարանափոխութիւնն ալ վերանորոգ ու յարատեւ։ Կերպարանափոխեալ մարդուն երազներուն ժամանակը կրնա՞յ լրանալ։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի նոր շինարարութեան շուրջ բացայայտումներ:
Արցախի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները օրէ օր կը խորանան ու կը հասնին անհաւատալի համեմատութիւններու։ Ատրպէյճան կը ձգտի սիսթեմաթիք ձեւով խորացնել Արցախի պաշարումը։
Քաղաքակրթութեան հոլովոյթի մեխերէն մին է՝ մարդուն բնութեան հետ հեռաւորութիւն պահելու ձգտումը։ Միտք ու սիրտ է մարդը՝ մէկ կողմէ զգացում, միւս կողմէ մտածում։ Զգացումները կը յագենան բնութեան մէջ, իսկ մտածումները կը խմորուին՝ անկէ հնարաւորինս հեռանալով։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ «TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ կարգ մը արտաքին քաղաքական հարցերու։ Այսպէս, ան խօսեցաւ Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ:
Թուրքիա-ԱՄՆ շփումներուն ընթացքին հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ կը պահուին Հայաստանի վերաբերեալ հարցերը:
Կը տեղեկանանք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան կոչուած է կարեւոր նոր պաշտօնի մը։ Այսպէս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ՝ հայր սուրբը ընդգրկուած է Երեւանի Մատենադարանի հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին։