Լրահոս

ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն-հաւաք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս երեկոյթի ընթացքին համախմբուեցան՝ անցեալ տարուան ընթացքին կառոյցի զանազան ծրագրերու մասնակցած կամ տարբեր նախագծերու առթիւ կառոյցի հետ համագործակցած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ կամ անհատներ։

ՈՒՐՍՈՒԼԱ ՖՈՆ ՏԷՐ ԼԷՅԷՆԻ ԱՅՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոտ տէր Լէյէնը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը։

ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՍՈՓՐԱՆՕ ԷԼԷՆԱ ՓԱՆՔՐԱԹՈՎԱՅԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին Իսթանպուլէն անցաւ դասական երաժշտութեան աշխարհի տիրական դէմքերէն սոփրանօ փրոֆ. Էլէնա Փանքրաթովա, որու գլխաւորութեամբ կազմակերպուած էր վարպետութեան դասընթացք մը։ Աւստրիայէն ժամանած աշխարհահռչակ մեներգչուհին վարպետութեան դասերը իրականացուց Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։

ՎՐԱՍՏԱՆԻ՝ ԻՆՉՊԷՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Վրաստանի մէջ յետընտրական կարճատեւ խմորումներէ ետք, երբ կը թուէր, թէ հանրային յուզումներու ալիքը դէպի մարում կ՚երթայ, ներքաղաքական իրավիճակը կրկին ահագնացաւ: Թիֆլիզ ցնցումներու մէջ է: Ուսումնասիրութիւններու լայն դաշտ մը բացուած է հոգեբաններուն, հասարակագէտներուն ու մարդաբաններուն առջեւ, թէպէտ վերջիններուս աւագ գործընկերները նման աշխատանքի գործնական փորձ բաւականաչափ կուտակած են՝ շարք մը երկիրներու մէջ յաջողելով ազդել մարդոց վարքագծի եւ հոգեբանութեան վրայ։

ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՆԵՐՈՒԺԸ

Երեւան ԵԱՏՄ-ի հարթակին վրայ եւս օրակարգի վրայ կը բերէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը:
Փաշինեան. «Հայաստանի մշակած այս նախագիծը բարենպաստ պայմաններ կ՚ապահովէ շահագրգիռ բոլոր պետութիւններուն համար»:

ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նիւ Տելհիի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստան-Հնդկաստան-Իրան եռակողմանի ձեւաչափով խորհրդակցութիւն մը։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտաքին գործոց նախարարութենէն Անահիտ Կարապետեան։

Էջեր