Լրահոս

ՎԱԼԵԹԱՅԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Անգարա կը վերահաստատէ իր սպասումը՝ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար:
Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան զրուցեցին ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի ծիրէն ներս:

ՓԱՐԻԶԻ «ՆՈԹՐԸ ՏԱՄ» ՀՈՅԱԿԵՐՏ ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ

Վաղը Փարիզի մէջ պիտի վերաբացուի «Նոթրը Տամ» աշխարհահռչակ տաճարը, որ համաքրիստոնէական սրբավայր մը ըլլալու առընթեր, համամարդկային ժառանգութեան գլուխ գործոցներէն է։ 2019 թուականին ծագած հրդեհին հետեւանքով լրջօրէն վնասուած այս տաճարը անցեալ հինգ տարիներուն վերանորոգուեցաւ՝ շուրջ 700 միլիոն եւրօ ներդրումով։

ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցիչ մը հաւատարմագրեց՝ ՄԱԿ-ի Նաիրոպիի գրասենեակին եւ տեղւոյն երկու գործակալութիւններուն մօտ։ Մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը վստահուած է դեսպան Սահակ Սարգսեանին, որու նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ։

ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Նաիրոպիի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Քենիայի նախագահ Վիլիըմ Ռութոյին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպանի եւ նախագահի զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն։

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՇԱՏ ԱՆՈՐՈՇ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Սուրիոյ տագնապալի մթնոլորտի պայմաններով, երբ Հալէպը ընդդիմութեան զինեալներու հակակշռին տակ անցած է, համայն հայաշխարհը մտահոգուած է տեղւոյն հայութեան համար։ Հանրային կարծիքէն խաւեր կ՚ակնկալեն Հալէպի հայութեան Հայաստան տարհանումը։

Էջեր