ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց բարձր գնահատեց Ատրպէյճանի հետ ձեւաւորուած ռազմական համագործակցութիւնը։ Իր խօսքով՝ կողմերը համաձայն են ապագային եւս ընդլայնելու այդ համագործակցութիւնը։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի 19 Մայիսի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 106-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ։
Հայց. Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ մասնակցութիւն՝ նորընտիր պապի անդրանիկ Ս. Պատարագին:
Իրան կը վերահաստատէ իր յստակ դիրքորոշումն ու աջակցութիւնը ի պաստ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այսօր նախատեսուած է հեռախօսազրոյց մը, որուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։
Եւրոպական քաղաքական համայնքի՝ Թիրանի մէջ երէկ կազմակերպուած գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հերթական շփում:
Իսթանպուլի մէջ, Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով երէկ կազմակերպուած բանակցութիւններու արդիւնքով գերիներու փոխանակման որոշում մը առնուեցաւ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ նախաձեռնութիւններ՝ փոխադարձ դիմադրութիւններով:
Ալպանիոյ հիւրընկալմամբ, այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ գագաթաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թիրանի մէջ, Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։
Ֆրանսայի յառաջատար բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցները երէկ արձագանգ հանդիսացան բօթին. ոչ եւս է վաստակաւոր լրագրող Տանիէլ Պիլալեան, որ կեանքէն հեռացած է 78 տարեկանին։