ԲԱՐԴ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ նախաձեռնութիւններ՝ փոխադարձ դիմադրութիւններով:
Միջազգային սպասումներու զուգահեռ՝ Անգարայէն յամառ ջանքեր. Էրողան-Զելենսքի եւ Ֆիտան-Ռուպիօ զրոյցներ՝ առանց անտեսելու Մերձաւոր Արեւելքը :
Ալպանիոյ հիւրընկալմամբ, այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ գագաթաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թիրանի մէջ, Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։
Ֆրանսայի յառաջատար բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցները երէկ արձագանգ հանդիսացան բօթին. ոչ եւս է վաստակաւոր լրագրող Տանիէլ Պիլալեան, որ կեանքէն հեռացած է 78 տարեկանին։
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) շրջանաւարտներու առաջին ֆորումը առիթ դարձաւ՝ Հայաստանի զարգացման ապահովման վերաբերեալ հեռանկարներու քննարկման։ Վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ ԵՊՀ կը շարունակէ մնալ գիտելիքի ստեղծման, պահպանման եւ փոխանցման ամենակարեւոր հարթակը Հայաստանի մէջ։
Հայաստան յաջորդ տարի պիտի հիւրընկալէ COP 17 համաժողովը, որուն ընդառաջ քննարկում մետիաներու դերին մասին:
Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հերթական 134-րդ նստաշրջանը:
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ մը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն ժողով մը գումարեցին Անթալիայի մէջ։ Դաշինքի անդամ երեսունմէկ երկիրներու նախարարներուն հաւաքը զուգադիպեցաւ՝ Իսթանպուլի այսօրուան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու նախօրեակին։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը յանձնուեցաւ՝ բարձր թեքնոլոժիներու ոլորտէն ներս համաշխարհային ներդրման գնահատման համար սահմանուած, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ շնորհուած պետական մրցանակը։
Վաղը, երեք տարուան ընդհատումէ մը վերջ Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ Թուրքիա կը հիւրընկալէ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները. Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ: