ԿՈՒԹԵՐԵՍ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ԵՐԵՔ ԷԱԿԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ ներկայիս կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը կ՚ընթանայ երեք հիմնական ուղղութեամբ։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած COP29 գագաթաժողովին ան բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի կեդրոնանան այդ երեք առաջնահերթութիւններուն վրայ, որոնք կը վերաբերին կլիմայի փոփոխութեան։