ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԵԿՈՅԹ
Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, «Ճաշ սալոն»ի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցութիւն բերին գեղարուեստասէր շրջանակներէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Յայտնի թատերական գործիչ, դերասան ու բեմադրիչ Պօղոս Չալկըճըօղլու այս երեկոյթի ատենախօսն էր։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ ժամանակն է Ատրպէյճանի հետ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը եւ յառաջ ընթանալ տնտեսական հնարաւորութիւններու բացման ուղղութեամբ։
Ցամաքամասերու եւ ովկիանոսներու մակերեսին վրայ արձանագրուած ջերմութեան աստիճանը կ՚ահագնանայ:
Մարդ երբեմն կը տեսնէ միայն իր աչքին առջեւինները, երբեմն ալ ընդհակառակն՝ աչքի առջեւինը բնաւ չի տեսներ։ Անտարակոյս, սա միայն բնաւորութեան հետ սահմանափակուած չէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցուած ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ որեւէ զիջում խնդրոյ առարկայ չէ։
Ենթակայականութիւնը յաճախ կը համարուի սխալ հաշուարկի գործօն կամ սայթաքման պատճառ։ Սա ճիշդ է այն առումով, որ խմբային մտքի մաղէն անցած անէն ինչ աւելի կատարելագործուած կրնայ համարուիլ տեսականօրէն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ երէկ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հիւրընկալելու ժամանակ խնդրեց, որ Թուրքիա աջակցի Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման։
Ապպաս Արաղչիի Երեւան այցելութեան օրը Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Մարքօ Ռուպիոյի հետ:
Ընկերային ցանցերու վրայ աչքի կը զարնեն դիպուկ բանաձեւումներ, որոնք կը մերկացնեն մարդոց սին մեծամտութիւնները. «Այն, որ գիրք չի կարդար, որեւէ առաւելութիւն չունի ոչ-տառաճանաչին դիմաց»։ Նուազագոյնը ընելով առաւելագոյնին հասնելու ձգտումը կամ մտայնութիւնը մարդու էութեան մէջ է։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին։ Մինչ այդ, Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։