ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՊԱՊԸ
Կաթոլիկ եկեղեցին պաշտօնապէս սուգի մէջ. պատրաստութիւններ թէ՛ յուղարկաւորութեան եւ թէ 267-րդ հովուապետը ընտրելիք Քոնքլաւի գումարման համար:
Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի մարմինը վաղը այցելութեան կը բացուի Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս՝ վերջին յարգանքի համար: Վատիկանի մէջ իշխանութիւնը արդէն անցած է կարտինալներու: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցաւակից: Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւս վշտակցութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռին:
Ռուսաստան անմիջական կարեւորութիւն կ՚ընծայէ տարածաշրջանի իրադրութեան վերափոխման հեռանկարներուն նկատմամբ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն շաբաթավերջին դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ թիրախաւորուած է Սիւնիքի մարզի Խոզնաւար բնակավայրը։
Քրիստոնեայ աշխարհը միասնաբար նշուած Ս. Յարութեան տօնէն օր մը վերջ, Մեռելոցի օրով, խոր սուգի մատնուեցաւ. ոչ եւս է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն, որ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ, որ տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
«Ներկայիս երկրէն ներս կ՚ընթանայ ընկերահոգեբանական մը, որ 2018 թուականին կատարուածին չափ կարեւոր է, եթէ ոչ աւելի»:
Երէկ, Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներուն՝ Վահան Կոստանեանի, Լաշա Տարսալիայի, Էլնուր Մամետովի եռակողմանի հանդիպումը, որ միտուած էր վստահութեան ձեւաւորման եւ երկխօսութեան աւելի բարձր մակարդակի վրայ շարունակութեան։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ ալ Թանին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա։ Փութին այս առթիւ շեշտեց Քաթարի ներդրումը Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք չէ շարունակուի Ղարաբաղի շարժումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Ղարաբաղի շարժումը երկրին մէջ պիտի չշարունակուի։