ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՄԷՋ ՆՈՅՆԱԺԱՄԱՆԱԿ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐԵՐ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ ալ Թանին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա։ Փութին այս առթիւ շեշտեց Քաթարի ներդրումը Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք չէ շարունակուի Ղարաբաղի շարժումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Ղարաբաղի շարժումը երկրին մէջ պիտի չշարունակուի։
Անգարա տարածաշրջանի միւս դերակատարներուն հետ կը համակարգէ իր նպատակներու իրականացումը:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ յոբելենական նիստ:
Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներու, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցական նիստ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի յառաջիկայ մայիսի 2-ին համերգով մը հանդէս պիտի գայ քաղաքիս մէջ։ Պոլիսէն հասած եւ անկրկնելի բարձունքներ նուաճած մեծանուն վարպետը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր ելոյթ չէ ունեցած իր ծննդավայրին մէջ՝ մանաւանդ, որ ընթացքին նշած է նաեւ իր ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանը։
Երեւան եւ Փարիզ միշտ անմիջական կապի մէջ՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ:
Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքի՝ Կիւմրիի քաղաքապետ ընտրուեցաւ ընդդիմադիր Վարդան Ղուկասեան։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին օրերու ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ՝ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը թէեւ զբաղեցուց առաջին հորիզոնականը, սակայն, քաղաքապետութեան խորհուրդէն ներս չյաջողեցաւ մեծամասնութիւն ապահովել։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը այլեւս նոր հայեցակարգով մը կը ներկայանայ այցելուներուն: