«ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ»
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը կատարած է հայ գրականութեան դասականներէն Զապէլ Եսայեանի «Կեղծ հանճարներ» գործին վերահրատարակութիւնը։ Զապէլ Եսայեան այնպիսի հեղինակ մըն է, որ անոր թողած ժառանգի արժեւորման նպատակով տարուած ամէն աշխատանք կը համարուի նուիրական եւ իսկապէս ժամանակավրէպ դառնալու հաւանականութիւնը չունի։
Տարեկան ձեռնարկի ատենախօսներն էին Շէյտա Մելքոնեան եւ Լայզա Արսլանեան:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։ Սահակեան եւ Կասպրչիկ անդրադարձան Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գծի առկայ իրավիճակին վերաբերեալ շարք մը հարցերու։
Այցելութիւն՝ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկայի նորընտիր առաջնորդին:
«Բնականաբար, Իսթանպուլի մէջ հայոց ներկայութիւնը, հասարակական դերակատարութիւնը միայն պատմութիւնով չի սահմանափակուիր։ Այսօր ալ հայերը զգալի ներկայութիւն ունին քաղաքի կեանքին մէջ։ Ճիշդ է, որ այսօր մեր համայնքին թիւը անհամեմատօրէն նուազած է, անոր ներուժը դարձած է շատ սահմանափակ։ Սակայն, պատմական ճշմարտութիւն մըն է, որ մեր ժողովուրդը երբեք քանակ չէ եղած առաջին հերթին, այլեւ՝ եղած է որակ։ Հայը ունի ստեղծագործ, արտադրող ժողովուրդի համբաւ եւ Իսթանպուլի մէջ մեր համայնքի զաւակները կը շարունակեն արդարացնել այդ համբաւը։ Յետոյ, չմոռնանք նաեւ, որ հայութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ Թուրքիոյ ամենաբազմանդամ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնը։ Սա մեզի կու տայ կշիռ մը»։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը խորապէս կը սգայ իր բազմամեայ ու երախտաշատ երիցագոյն վեթերանին անմխիթար կորուստը. ոչ եւս է հեղինակաւոր գիտնականն ու հասարակական գործիչը, Կեդրոնականի հպարտ սանը, որ իր սերնդակիցներու շարքին առանձնացաւ միջազգային մակարդակի վրայ հասած գագաթնակէտով:
Պայծառատես մտաւորականի մը կողմէ լիուլի արժեւորուած ինն տասնամեակներու վրայ հպանցիկ ակնարկ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը Երեւանի մէջ եզրափակուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ: