ԿԵԶԻԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՍԿՍԱՒ
Իսթանպուլի 30-րդ Ծանր պատժական ատեանէն ներս երէկ սկսաւ Կեզիի դէպքերու գործի դատավարութիւնը։ 2013 թուականին Թաքսիմի Կեզի ճեմապարտէզին մէջ տեղի ունեցած դէպքերու դատավարութիւնը կ՚ընթանայ Սիլիվրիի կալանավայրի համալիրէն ներս։
Նորընտիր քաղաքապետը Իսթանպուլի բնակիչներու շարքին թուարկեց հայերն ու փոքրամասնութիւնները:
Շաբաթ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքի հրաժեշտի արարողութիւնը։ Շրջանաւարտութեան հանդէսին ժամանակ տղաքը նախ այցելեցին Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր մեծանուն պատրիարք երանաշնորհ Տ. Ներսէս Արք. Վարժապետեանի շիրիմը։
Վաղը Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ քաղաքապետի ընտրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ մարտի 31-ին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Այդ ժամանակ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքը վիճարկուած էր։
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան նոր ղեկավարը երէկ առաջին այցը տուաւ Թուրքիա:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Ուաշինկթընի հանդիպման լոյսին տակ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս միջնորդներու նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին: