ՎԻԶԱՅԻ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՋՆՋՈՒՄ
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ քաղաքացիներու ճամբորդութեան պարագային յառաջիկայ շրջանին պիտի ջնջուի մուտքի արտօնութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Պաքուէն դիւանագիտական աղբիւր մը տեղեկացուցած է, որ գործադրութիւնը պիտի սկսի սեպտեմբերի 1-ին։
Reddit կայքէջի եւ Initialized Capital ընկերութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի վարէ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համագումարը (The World Congress on Information Technology [WCIT]): Այս մասին Դիմագիրքով տեղեկացուցած է WCIT 2019-ը:
Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի «Ազգային մարզադաշտ»ը, որ պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներ եւ պիտի կարենայ ընդունիլ շուրջ 35-40 հազար հանդիսատես։ Այս մասին Դիմագիրքէն ուղղակի հաղորդման ժամանակ յայտնած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան:
Հայաստան եւ Վրաստան յանձնառու են իրենց յարաբերութիւնները յառաջ տանիլ՝ ի շահ տարածքաշրջանային գործակցութեան եւ անվտանգութեան։
Արտաքին գործոց նախարարը ազդարարեց, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ Թուրքիոյ համբերութիւնը կը հատնի։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ խումբ մը խորհրդարանականներու հետ քննարկած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու խնդիրը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ ծերակուտականները ընդհանրապէս պաշտպանած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը՝ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարցին բերումով։