ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Հայաստանի սփիւռքի գործերու նորանշանակ գլխաւոր յանձնակատարը առաջին հերթին պիտի թիրախաւորէ մեծագոյն համայնքը՝ ռուսահայութիւնը:
Զարեհ Սինանեան հայրենադարձութեան կարեւորագոյն նախապայմանը կը համարէ՝ արդար, քաղաքացիակեդրոն ու մարդակեդրոն հասարակարգի մը ստեղծումը:
Հուլուսի Աքար եւ Մարք Էսփըր կը քննարկեն Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն շրջանաւարտ երեք սաներ Երեւանի մէջ ներկայիս մասնակցութիւն կը բերեն ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի ամառնային ճամբարին։ Անոնք են՝ Իոլա Ղուկասեան, Անդրանիկ Եդիգարեան եւ Լիպարիտ Պաղտասարեան։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարութիւններ ըրաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ վարած վերջին բանակցութիւններուն շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Թուրան» գործակալութիւնը արձագանգ հանդիսացաւ Մամետեարովի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը պէտք է ըլլայ փուլային։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանէ ներս ներկայացուած կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնց տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ կողմէ ներածուած Ս-400 ռուսական հրթիռային համակարգերու մասին։ Հակաօդային պաշտպանութեան այդ հրթիռները յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին պիտի յանձնուին Թուրքիոյ եւ այս պատճառով Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ յառաջացած է լարուածութիւն մը։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ գումարեց ժողով մը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նիստի սկիզբին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի շուրջ անվտանգային միջավայրը ո՛չ միայն չէ լիցքաթափուած, այլեւ՝ ընդհակառակն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ներկայիս տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Այս շրջագայութեան նպատակն է Իրանի դէմ ստեղծել համաշխարհային համախոհութիւն մը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը առաջին հերթին այցելեց Սէուտական Արաբիա։