ԲԱՐԵԼԱՒՄԱՆ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ
Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակի բարելաւման նախադրեալներ կան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու Մոսկուայի ժողովին ընթացքին Շոյկու նշեց, որ թէեւ տարածաշրջանի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ, սակայն անոր բարելաւման նախադրեալները կան։