ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՇՓՈՒՄ
Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կարծիքի բազմակողմանի փոխանակումներ:
Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կարծիքի բազմակողմանի փոխանակումներ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է փորձառու լրագրող եւ վերլուծաբան Արմէն Դուլեան։ Շաբաթավերջին իր ինքնազգացողութիւնը յանկարծ ծայրայեղ ձեւով վատթարացած է բնակարանին մէջ եւ դժբախտաբար, կարելի չէ եղած կեանքը փրկել եւ 71 տարեկան հասակին կնքած է իր մահկանացուն։
Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան արդէն 85 տարեկան է։ Այս յոբելեանին առթիւ լոյս ընծայուած է «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան, որ նուիրուած է մեծանուն արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան եւ որու հեղինակն է Աննա Արեւշատեան։
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ յիշեալ հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Լուսինէ Սարգսեան։
Հայաստանի վարչապետը ներկայ տարեմուտին իրերայաջորդ մամլոյ ասուլիսներով հանդէս կու գայ:
Ըստ Փաշինեանի՝ Պաքուի մէջ հայ գերիներու դէմ արգիլեալ միջոցներ կը կիրառուին՝ նոր մագլցում հրահրելու նպատակով:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին այցելեց Պաղտատ, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի կողմէ։ Ֆիտան համոզուած է, թէ Իրաքէ ներս մշտական կայունութեան եւ անդորրութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է լիարժէք անվտանգութեան ապահովումը։
ՄԻԹ-ի նախագահ Իպրահիմ Քալըն շաբաթավերջին Դամասկոսի մէջ տեսակցեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Հասան Շէյպանիի հետ։ Ան ընդունուեցաւ նաեւ երկրի ղեկավար Ահմէտ Շարայի կողմէ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ պին Ապտիւլռահման ալ Թանիի հետ։
Եւ այսպէս, յունուարի 20-ին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութիւնը եւ ան պաշտօնապէս ստանձնեց այդ երկրի 47-րդ նախագահի պարտականութիւնները՝ արդէն երկրորդ անգամ։
Հաքան Ֆիտան եւ Քայա Քալլաս երէկ քննարկեցին Անգարա-Պրիւքսէլ օրակարգի բազմաբնոյթ առաջնահերթ հարցերը: Ըստ յանձնակատարին՝ Թուրքիա կարեւոր դեր մը ունի Եւրոպայի անվտանգութեան ուղղութեամբ եւ կայ համագործակցութեան հնարաւորութիւն: