ՅԱՒԵՐԺԱՇՈՂ ԿԱՆԹԵՂ
Համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը շաբաթավերջի պատմական արարողութիւններով վերահաստատուեցաւ՝ որպէս ոսկէ խարիսխ սրբավայր, որ ազգային անդաստանի պայծառ փարոսն է եւ կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութեան ճանապարհ՝ բարօր գալիքի հաստատակամութեամբ եւ հոգեւոր արթնութեամբ:
Յոյս եւ վերյառնում:
Քրիստոնեայ Հայաստանի հոյակերտ վկան:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ուղղորդաբեր կամարներուն ներքեւ հաւատակերտ ժամանակներ:
Միւռոնօրհնութեան եւ վերաօծման փառաշուք հանդիսութիւնները համախմբեցին աշխարհի չորս ծագերէն հայոց ներկայացուցիչները, որոնք Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան արժանացան ու հաղորդ դարձան անոր միասնականութեան պատգամին: Մայր Աթոռի հայրապետական Սուրբ Պատարագին մասնակցութիւն բերին նաեւ պետական աւագանիէն դէմքեր՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի: Նորին Սրբութիւնը նորահաստատ բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրեց նախագծի բարերարները: