ԲԱԶՄԱԲԵՒԵՌ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Մօտեցող բազմաբեւեռ աշխարհակարգի իրողութիւնը արդէն կասկած չի յարուցեր՝ թէեւ իշխանական շրջանակներէն ներս անոր բովանդակութիւնը, ըստ էութեան, չ՚ընկալուիր։ Ի՞նչ կ՚ենթադրէ բազմաբեւեռ համակարգը, որո՞նք են աշխարհի նոր ճարտարապետութեան հիմնական յայտանիշները։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։ Երկու երկիրներու միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր ստեղծուած է անհաղորդ մթնոլորտ մը։ Ուստի, Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ այսօր նախատեսուած բարձր մակարդակի շփումը անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայ համայնքի համակրելի ու նուիրեալ դէմքերէն Հրանդ Կիւլեան, որ նախկին թրքահայ մըն էր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը երէկ հանդիսաւորապէս երդուելով պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր առաքելութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ, ուր Իրանի իշխանութիւններուն կողմէ հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակի վրայ։
Ճիպուտիի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Սահակ Սարգսեան այս օրերուն հաւատարմագրերը կը յանձնէ այդ երկրի ղեկավարութեան։ Դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ ընդունուեցաւ Ճիպուտիի նախագահ Իսմայիլ Օմար Կուլեհի կողմէ, որուն յանձնեց իր հաւատարմագիրը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ եւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի վերջին վիճակը, ինչպէս նաեւ միջազգային հրատապ օրակարգի այլ հարցեր՝ ներառեալ Սուրիոյ, Կազզէի եւ Ուքրայնայի իրադարձութիւնները։
Անցեալ տարիներու յառաջացուցած հեռաւորութիւնն ու պարապութիւնը հետզհետէ կը վերածուին արժեւորման գործօնի:
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին մթնոլորտին մէջ զանազան դրական դրսեւորումներ տեղի կ՚ունենան զանազան ուղղութիւններով։ Հայաստան երէկ Թուրքիա արտայանձնեց երկու անձ, որոնք կազմակերպուած յանցագործութեան մը ներգրաւուած են։
Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ վերջին օրերուն ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի արձագանգները կը շարունակուին։