ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՒԵՏԻՍՈՎ...
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց... Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զանգերը այսօր ահա՛ դարձեալ կը ղօղանջեն տօնական աւետիսով։ Հայ-քրիստոնեայ մարդու հայեացքին առջեւ պատկերուած է Յիսուս Քրիստոսի լո՛յս, դատա՛րկ գերեզմանը՝ Սուրբ գերեզմանը։ Կը հնչեն մեր Եկեղեցւոյ զանգակները՝ առթելով հոգեւոր ցնծութիւն, ղօղանջները կ՚արձագանգեն մեր բոլորի սրտին մէջ՝ աւետելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսը։
Թրքահայութեան պատմութեան մէջ այսօր կը բացուի նոր էջ մը։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գաւազանագրքի վառ ու հեղինակաւոր անուններէն մին հրաժեշտ կ՚առնէ մեզմէ։ Պատրիարք ընտրուելէ առաջ ու վերջ ծաւալած գործունէութիւնով՝ նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան անջնջելի հետք մը թողած է մեր համայնքի արդի պատմութեան վրայ։ Սերունդներու պատրաստութեան իմաստով երկար տարիներ վիթխարի աշխատանք մը տարած է ան։ Պոլսոյ մէջ մեր եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորներուն կարեւոր մասը եղած են իր ձեռնասունները։ Սերնդափոխութեան գործը, ժառանգութեան փոխանցման մարտահրաւէրը միշտ գտնուած են իր ուշադրութեան կիզակէտին։ Սա եղած է այն բնագաւառը, որու պարագային Մեսրոպ Պատրիարքի աշխատանքին գնահատականը միանշանակ է։
Կեանքի անխափան հոլովոյթը շատ յաճախ կը տանի միապաղաղութեան։ Թէեւ միշտ կան ելեւէջներ, վերիվայրումները կը զուգորդեն կեանքը։ Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն, խորքին մէջ, այս է մարդ արարածի դիմագրաւածը։ Վերելքներն ու նահանջները ընդելուզուած են, միահիւսուած, միաձուլուած։ Մէկու մը վերելքը երբեմն կրնայ պայմանաւորել ուրիշի մը նահանջը կամ ընդհակառակն։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը վերջերս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Սա իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մըն էր եւ այս կապակցութեամբ այսօր կը հրատարակենք բացառիկ թիւ մը։
Ծանր օր մըն է դարձեալ, բօթը հասաւ երէկ գիշեր, կը սգանք, խորապէս կը սգանք Արա Կիւլէրի մահը։ Կաղնի մը տապալեցաւ՝ բառին բուն իմաստով։ Իր կորուստով քիչ մը եւս կը գունատի պոլսահայ կեանքը։ Մեր իրականութեան իմաստը բնորոշող մեծութիւն մը կը մեկնի այս աշխարհէն։
Քուէատուփէն դուրս եկած արդիւնքը իսկապէս յատկանշական է Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Երկրի ժողովրդավարական ճանապարհորդութեան տեսակէտէ երէկուան ընտրութիւնները անկիւնադարձ մը սահմանած են։