Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ու­նայ­նու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ պա­րա­պու­թիւն, ոչն­չու­թիւն, դա­տար­կու­թիւն։ Իսկ ու­նայ­նա­պաշտ են ա­նոնք՝ որ ո՛չ մէկ բա­նի կը հա­ւա­տան եւ կ՚ը­սեն՝ թէ ա­մէն ինչ պա­րապ է, ո­չինչ եւ պար­զա­պէս ե­րե­ւա­կա­յա­կան։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Վիեն­նա­յի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Եւ­րո­տե­սիլ-2015» եր­գի հա­մաեւ­րո­պա­կան մրցոյ­թը, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ վաթ­սու­նե­րորդ ան­գամ եւ ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Աւստ­րա­լիան։ Ընդ­հան­րա­պէս, այս ե­րաժշ­տա­կան տօ­նը հա­տեց իր եզ­րա­գի­ծը, իսկ այս տա­րուան դափ­ներ­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ Շուէ­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Մոնս Զել­մեր­լեով։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

ԵԽԽՎ-ի Իրաւական գործոց եւ մարդու իրաւանց կոմիտէին երկօրեայ նստաշրջանը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով:

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յայ­տա­րա­րեց, որ ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ մէջ առ­կայ է ինք­նու­թեան ճգնա­ժամ մը։ 2015-ի ո­գե­կոչ­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ըն­թաց­քին կա­պակ­ցու­թեամբ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ՝ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Ըստ Անկելա Մերքէլի, Արեւելեան գործընկերութիւնը ընդլայնման միջոց մը չէ Եւրոպական միութեան համար: «Կամ-կամ» սկզբունքը անընդունելի: Վերջին գագաթաժողովով յաջողութիւն արձանագրուեցաւ Պրիւքսէլի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման ճանապարհին:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Մա­յի­սի 27-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դին քսան­չոր­րորդ նիս­տը։ Ծա­նօթ է, որ հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու մեծ ներդ­րում կը բե­րեն ա­նոր քսան­հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն աշ­խար­հի քսա­ներ­կու եր­կիր­նե­րուն մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Եւրոմիութիւն-Հայաստան համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դրուի համապատասխան իրաւական հիմքով՝ Արեւելեան գործընկերութեան շրջագծէն ներս:
Ռիկայի գագաթաժողովի աւարտին Ատրպէյճան մերժեց ստորագրել եզրափակիչ համատեղ յայտարարութիւնը՝ տարակարծութիւններ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւումներուն շուրջ:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը ծանր մար­տեր մղե­լէ ետք հա­սաւ Սու­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Դա­մաս­կո­սէն 215 քմ. հիւ­սիս-ա­րե­ւելք գտնուող Թատ­մոր (Փալ­մի­րա) քա­ղա­քի դռնե­րը: Թատ­մո­րը կամ Փալ­մի­րան ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ հաս­տա­տուած սու­րիա­կան պատ­մա­կան քա­ղաք­նե­րու ցու­ցա­կին վե­ցե­րորդն է:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

«Եւ­րո­տե­սիլ 2015» մրցոյ­թը այ­սօր ե­րե­կո­յեան տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Վիեն­նա­յի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նով մրցոյ­թին կը մաս­նակ­ցի «Genealogy» խում­բը, որ հան­դէս կու գայ վե­ցե­րորդ կար­գի վրայ։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պուած ֆութ­պո­լի մրցա­շար­քը ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս մրցա­շար­քը ձօ­նուած էր մեր մար­զա­կան աշ­խար­հի խորհրդան­շա­կան ա­նուն­նե­րէն Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի յի­շա­տա­կին։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ խանդավառ հաւաքոյթ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մասնակցութեամբ:
ZİBEÇ-ի տարեվերջի հանդիսութիւնը եւ զուգահեռաբար կազմակերպուած քէրմէսը ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն՝ արդարացնելով կառոյցի յաջող երթը:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

​Սայաթ Նովա երգչախումբը երէկ երեկոյեան «խապրիկ մը բերաւ մեր աշխարհէն…» հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ:
Խմբավար Մելիքճան Զամանի մականին ներքեւ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրուեցաւ՝ երգերու եւ բանաստեղծութեան համադրութեամբ: Ունկնդիրներու մասնաւոր համակրանքին առարկայ դարձաւ մեներգչուհի Շուշան Գալաթաշ:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Հո­գիին գալս­տեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ անդ­րա­դար­ձու­մը մեզ կը տա­նի նո­րո­գուած հո­գիով եւ ար­թուն միտ­քով «Նոր կեանք» մը ապ­րե­լու հրա­շա­լի՜ գա­ղա­փա­րին։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ե­րէկ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րե­ցան՝ դպրո­ցէն ներս կազ­մա­կեր­պուած բա­նաս­տեղ­ծու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան փա­ռա­տօ­նին առ­թիւ։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգգան» սրա­հին մէջ կեան­քի կո­չուե­ցաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ դէ­պի Պահ­չէ­գիւղ։ Տեղ­ւոյն զբօ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Է­սաեան վար­ժա­րա­նէ շրջա­նա­ւարտ խումբ մը տի­կին­ներ ան­ցու­ցին հա­ճե­լի օր մը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Սկիւ­տա­րի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան նա­ւապ­տոյտ մը կազ­մա­կեր­պեց Վոս­փո­րի մէջ։ Յու­նիս 7-ին կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին զու­գա­դի­պած այս ծո­վապ­տոյ­տին ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ նոյն կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Մար­գար Է­սաեան։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ժո­ղո­վուր­դը, նախքան հա­ղոր­դուիլ, հո­գե­ւո­րա­կա­նին կը խոս­տովա­նի իր մեղ­քե­րը եւ թո­ղու­թիւն կը խնդրէ։ Ա­նոր հա­մար կը կար­դա­ցուի բա­նա­ձե­ւուած մե­ղա­նե­րու եր­կար բո­վան­դա­կու­թիւն մը՝ համ­րուած զա­նա­զան մեղ­քեր։ Մե­ղա­նե­րու այս բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ան­շուշտ չի պա­րու­նա­կեր բո­լոր մեղ­քե­րը, ա­նոնք միայն առ­հա­սա­րակ սո­վո­րա­կան դար­ձած մեղ­քերն են, ինչ որ կա­րե­լի է այդ թուար­կուած­նե­րէն զատ մեղ­քեր ալ գտնուին։   

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ի Տէր հան­գած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն Տ. Կո­րիւն Արք. Պա­պեան։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Պա­քուի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ռա­պըրթ Սե­քու­թա յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը, ըլ­լա­լով ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ան­դամ, ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ «Ներ­կա­յիս մենք կը շա­րու­նա­կենք աշ­խա­տիլ այդ ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը եւ ա­ւել­ցուց, թէ միջ­նորդ­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րեն Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ՝ այս տա­րի նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ար­ժան­թի­նա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Է­տուար­տօ Էր­նէ­քեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան բարձր գնա­հա­տեց երկ­րի տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս Էր­նէ­քեա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Էջեր