Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունենանք, քանզի գիտենք թէ որչափ մարմնի մէջ ենք, Տէրոջմէն հեռու ենք. վասնզի հաւատքով կը քալենք եւ ո՛չ թէ երեւոյթներով. ուստի վստահութիւն ունենանք եւ ալ աւելի ուզենք մարմինէն հեռանալ եւ Տէրոջը քով կենալ», կը գրէ Պօղոս առաքեալ. (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 6-8)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարած որոշ բնաւորութեամբ մը կը ծնի՞, թէ ոչ ժամանակի ընթացքին այդ բնաւորութիւնը կը կազմուի իր մէջ՝ չեմ գիտեր, սակայն կը հաւատամ, որ ազատութիւն ու կամք ունեցող մարդը, հակառակ բնածին որոշ գիծերու, ունի ուժն ու կարողութիւնը որոշ ընտրութիւններ կատարելու՝ ինչքան ալ դժուար ու խրթին ըլլայ այդ մէկը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժ. դարը հարուստ է եկեղեցական գրականութեամբ։
Այդ դարուն շինուեցան բազմաթիւ վանքեր՝ որոնք մտաւորական կեանքի կեդրոններ դարձան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«…Քիչ առաջ թաղեցինք զինքը, չորս մարդով, ճիշդ չո՜րս մարդով ու առանց քահանայի: Երեսկեկ փոս մը փորեցինք, քիչ մը հող իր ազազուն մարմինին վրայ ու քանի մը քարի կտորուանքներ:
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հակառակ իմ կամքիս, ես կը քալէի թաղմանս…: Անցնող տարիներուն բոլոր սորված սին քարոզները, հիմա ինծի համար ծիծաղելի օճառի փուչիկներ կը թուին, շա՜տ ծիծաղելի:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Լոնտոն եմ, ընկերուհիիս Քրիստինէին քով իջեւանած եմ եւ միասին այցելեցինք իր ընկերուհիին՝ Նարէին։
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ կը գտնուի՝ «Թեմփըլթըն» հիմնարկին կողմէ իրեն շնորհուած մրցանակը ստանալու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արիւնալի պատերազմը արդէն աւարտած է, սակայն, սուրիահայութեան ոսկեդարն ալ այլեւս կը պատկանի անցեալին։ Սուրիոյ ներքին կայունութեան հարցերը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն երկրի հայութեան հորիզոնները, ուր կը տիրեն հարցականները։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եղբայրական հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց։ Դէպի Վատիկան ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը երէկ առաւօտ Քաստել Կոնտոլֆոյի Առաքելական պալատին մէջ ընդունուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելած էր ծանօթ հայ մարզուհի, աւելի քան մէկ տարի միջազգային մրցաշարքերուն Հայաստանի դրօշի ներքոյ հանդէս եկող արտասահմանաբնակ թենիսիստուհի Էլինա Աւանէսեան։
Երեւանի մէջ միջազգային համաժողով. «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն 2025»: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ հայ ժողովուրդը շրջադարձային կէտի մը վրայ է՝ իր պատմութեան վերջին հազարամեակին:
Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի իրադարձութիւնները հետզհետէ կ՚ահագնանան՝ մասնաւորապէս Իսրայէլի կողմէ Կազզէի դէմ ձեռնարկուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս առաւօտ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին, երբ տեղի կ՚ունենար նորընտիր քահանայապետի գահակալութեան արարողութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ակամայ բացակայած էր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Վախը մարդուն ի՞նչ կու տայ եւ Աստուծոյ ապաւինիլը ի՞նչ կու տայ:
Պատասխան. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, բայց Տիրոջ ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ՚ունենայ» (Առ 29.25):
Երէկ, նահատակ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երջանկութիւն»ը՝ մարդուն սկզբնական նպատակն է. աշխարհասէր, հաճոյասէր մարդը տեւապէս կը փնտռէ երջանկութիւնը։ Մարդը միշտ հեռուն կը փնտռէ երջանկութիւնը եւ չի՛ գոհանար իր ներկայ վիճակով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սկսած ենք հաւատալ ու համոզուիլ, որ տարիքը մարդոց համար անտեսանելի սահմաններ են, որոնք մարդը անդամ կը դարձնեն ընդհանրութեան մը. մանուկը՝ խաղի, երիտասարդը՝ փորձառութեան իսկ մեծահասակը՝ պատասխանատուութեան.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ներ, ընդհանրապէս կը լսէք, մէկու մը երբ հարցնեն, թէ «ազատ ժամերուն, զբօսանքի պահերուն ի՞նչ կ՚ընէք» եւ կամ «ի՞նչեր են ձեր հաճոյքները», պատասխանը առհասարակ կ՚ըլլայ. «Գիրք կը կարդամ»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաճառական Պետրոսի համար տղուն սեւամորթ ամերիկացիի հետ ամուսնանալը նեղացուցիչ էր, սակայն ինչպէս միշտ՝ ժամանակը մեղմեց այդ ցաւը եւ ամէն բան դարձաւ բնական: