Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Բնիկ վանեցի Եղիազար Մուրատեան ծնած է 1841 թուականին: 13-14 տարեկան հասակին ուսանելու համար Վանէն անցած է Կոստանդնուպոլիս եւ մուտք գործած՝ Ս. Փրկչեան ճեմարան: Ս. Փրկչեան ճեմարանը այդ տարիներուն Պոլսոյ կրթական ամենէն փայլուն ու յառաջադէմ հաստատութիւնը կը համարուէր:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սիրտը կեդրո՛նն է այն թաքուն ուժին՝ որ կը կառավարէ մարդուս ամբողջ կեանքը, ամբողջ խորհուրդները, ամբողջ գաղափարները, ամբողջ զգացումները, ամբողջ կիրքը, ամբողջ կամքը։ Սիրտը՝ մարդուն գաղտնիքներով լեցուն աշխարհ մըն է՝ որուն մէջ պահուած ուժերը աւելի բուռն են քան մարդուս ծանօթ բնական աշխարհի ուժերը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային կեանքի մէջ կան բառեր, որոնք նոյնը մնալով հանդերձ էապէս մեծ փոփոխութիւններ կը կրեն եւ այս փոփոխութիւնը կը կատարուի ժամանակի հաշուին. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, մեր ընկերութեան մէջ շատ օգտագործուող «նոր սերունդ» բառը, նկատի ունենալով որ իւրաքանչիւր նոր սերունդ դատապարտուած է հին սերունդ դառնալու՝ իր «նոր»ի տիտղոսը փոխանցելով զինք յաջորդողներուն:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երբ մարդկութիւնը սկսաւ միասին ապրիլ ու կազմեցին հաւաքականութիւններ, անհատներու կամ մարդոց գործողութիւնները միշտ կարեւոր դարձաւ տուեալ հաւաքականութեան միւս անդամներուն համար: Որովհետեւ մարդը, որ կը գտնուի որոշ աշխուժութեան մէջ, կը յանգի որոշ արդիւնքներու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ գիւղ մը մէջ երկար ժամանակ անձրեւ չէր տեղար եւ երաշտ կը տիրէր։ Ուստի գիւղացիներ կը դիմեն գիւղի քահանային, որպէսզի գիւղի ամբողջ բնակչութիւնը հաւաքէ եկեղեցի եւ կատարուի հաւաքական աղօթք։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ լոյս աշխարհ եկած ես որպէս հայ, ապա անպայմանօրէն լսած պիտի ըլլաս «մեզի» ու «ձեզի», «մեր» ու «ձեր»ի զաւեշտը. միասնութեան կոչուած հայ ժողովուրդը միշտ ալ իր մէջ ունեցած է այդ երկուութիւնը, որ նոյն բանին համար կը պայքարին՝ սակայն հիմնական պայքարը իրարու դէմ կը մղեն. մեր ազգին մէջ գրեթէ ամէն բանի շարքին «մեր»ն ու «ձեր»ը գոյութիւն ունի. անոնց մէջ կարելի է յիշել դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, թերթը եւ գրեթէ ամէն բան՝ որ տարբեր գոյն ու երանգ կրնայ ստանալ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը պատրաստ է 2024-2025 կրթական շրջանի համար իր դռները բանալու։ Վերջերս Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները խորհրդակցութիւն մը ունեցան վերամուտին ընդառաջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Մեսրոպ Չոպանեանի։ Հարկ է նշել, որ այս խումբը եկած է մասնակցելու՝ այս շաբաթավերջի դէպի Աղթամար ուխտագնացութեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Ատրպէյճան-Իսրայէլ համագործակցութիւնը ամբողջ թափով կը շարունակուի ռազմական բնագաւառէ ներս։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Flight Radar» կայքը տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճանի ռազմական բեռնատար ինքնաթիռները նոր թռիչքներ կատարեցին դէպի Իսրայէլ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրութիւնով մը, ըստ որու՝ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը սոսկ նախապատուութիւն չեն, այլ իր երկրի ազգային անվտանգութեան հիմքը կը հանդիսանան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին յայտարարեց, որ իր երկիրը երբեք չէ հրաժարած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացէն ներս ազնիւ միջնորդի դերէն։ Այս հանգամանքի վառ հաստատումներէն են Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին շփումները Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ աշխատանքի մասին՝ մօտաւոր անցեալին ստորագրուած կանոնակարգի վաւերացման գործընթացը թեւակոխած է գործնական փուլ։ Երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Փարիզի Ողիմպիականներուն մասնակից Հայաստանի հաւաքականը երէկ ընդունուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Երեւանի մէջ, կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID) որոշեց Հայաստանի համար նախատեսուած աջակցութիւնը բարձրացնել 130 միլիոն տոլարով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այսպէսով փոփոխութեան պիտի ենթարկուի ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ՝ 29 յունիս 2022 թուականին ստորագրուած դրամաշնորհային համաձայնագիրը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ վարչապետ նշանակեց Միշէլ Պառնիէն։ Երկրէն ներս տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան հիման վրայ ստեղծուած էր քաղաքական բարդ հաւասարակշռութիւն մը, որու պայմաններուն ներքեւ երեք ամիսէ ի վեր նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը հնարաւոր չէր դառնար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ եթէ Ուքրայնա դէպի Եւրոպա բնական կազի տարանցման վերաբերեալ համաձայնագիրը չերկարաձգէ, ապա «Թրքական հոսք» խողովակաշարի վրայով փոխադրումը կրնայ աւելցուիլ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2024

Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել՝ Պաքուի կողմէ այդքան յամառօրէն յառաջ տարուած Զանգեզուրի միջանցքի մարտահրաւէրը։ Մոսկուան ալ այս հարցին մէջ Պաքուի կողքին դիրք կը գրաւէ, իսկ Երեւանի միակ համախոհն ու գործակիցը Թեհրանն է այս տագնապին շուրջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2024

Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ վաղեմի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի պիտի զարգանան։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեք օր՝ սեպտեմբերի 6-ին, 7-ին եւ 8-ին Երեւանը կը մտնէ իր ամենամեայ գրական փառատօնային տրամադրութեան մէջ:
2017 թուականէն սկսեալ՝ ամէն տարի Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Գիրքի միջազգային փառատօնը, որ սպասուած տօն կը դառնայ գրասէրներու, ընթերցասէրներու, գիրն ու գրականութիւնը գնահատողներու համար:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2024

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն՝ Հայր Պուլոս Ճորճ հետեւեալ դրուագը կը պատմէ երջանկայիշատական Շնուտա Գ. Հայրապետի մասին:
* Առիթով մը հանդիպեցայ Շնուտա Հայրապետին եւ հարցուցի անոր.
- Ձերդ Սրբութիւն, կրնա՞մ հարցում մը հարցնել:

Էջեր