Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման որոնումներուն տեսակէտէ այսօր կարեւոր հաւաք մը տեղի կ՚ունենայ Փարիզի մէջ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատէն ներս այս առաւօտ ընդունեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Հայաստան եւ Ճաբոն կը ձգտին զարգացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը՝ բոլոր ուղղութիւններով:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Շիկերու Իշիպա արժեւորեցին տարածաշրջանի կայունութեամբ պայմանաւորուած հեռանկարները:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի կեդրոնը՝ Օղակաձեւ զբօսայգիի կանաչապատ եւ լայնաշունչ գօտիներուն մէջ, սեպտեմբերին պիտի բացուի Հայաստանի ամենամեծ հանրային խաղահրապարակը, որ մինչ այժմ միայն երազանք կրնար թուիլ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ուսումնական նոր տարեշրջանի մեկնարկին, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետէն, հայ դպրոցի, ընտանիք-դպրոց կապի, ուսումի եւ կրթութեան մասին:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Որոշ տարիք մը ունեցողներ յաճախ կը յիշեն իրենց ծնողները եւ այն օրերը՝ երբ իրենց հետ երջանիկ կ՚ապրէին։ Կ՚ապրէին ո՛չ իրենց ֆիզիքական աշխարհով, այլ իրենց հոգեկան աշխարհով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գիտէ՞ք, թէ աշխարհի մէջ կան շատ մը երեւոյթներ, գիւտեր եւ ստեղծագործութիւններ, որոնք իրենց սկզբնական վիճակին մէջ ստեղծուած են մարդկութեան որպէս բարիք ծառայելու, սակայն, վերջաւորութեան վերածուած են աղէտի աղբիւրներու. անկասկած մեր ազգին մէջ նման վիճակ ունին «թաղականութիւն», «հոգաբարձու», «ազգային ժողով» կոչուած հաստատութիւնները:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը համալսարանականներ։ Պոննի համալսարանի ուսանողներէն բաղկացած էր խումբը, որու գլուխը կը գտնուէին երեք դասախօսներ՝ փրոֆ. Պերթ Ռէօպըն, փրոֆ. Քրիստիան Հորնունկ եւ տքթ. Մարինա Քիրուտի։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Համայնքային շրջանակները արդէն լծուած են 2025-2026 շրջանի՝ վարժարաններու պիւտճէի հաւասարակշռման աշխատանքներուն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս եղանակին եւս առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ քայլ՝ «Թուրքիոյ դարու ուսուցման մոտել»ի ծիրէն ներս:
Համայնքային վարժարաններու մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան առարկաներու դասաւանդման համար նոր ծրագիր մը պիտի մշակուի: Շուրջ տարուան մը աշխատանքը կը ղեկավարէ փրոֆ. Մուսթաֆա Էօզթիւրք, համակարգող նշանակուած է Սարին Թաշհան:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Հայաստանի մէջ ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը դատուի Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր ազգայիններէն Էֆրիմ Պաղի նուիրատուութեամբ Հայաստանի մէջ եկեղեցիի մը վերանորոգութեան ծրագիրը ի կատար ածուելու վրայ է։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Որո՞նք են Հայաստանի իրականութեան հիմնական պատումները։ Նախկին ռուսաստանցի, իսկ այժմ իսրայէլացի ընկերաբան Վիքթոր Վախշատայնը վերջին դասախօսութիւններէն մէկուն մէջ կը պատասխանէ այն հարցին, թէ պատումները (աշխարհայեացքով «լիցքաւորուած») ե՞րբ կը դառնան քիչ թէ շատ կայուն ու ազդեցիկ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Գերմանական նշանաւոր «Bild»ը հաղորդեց, որ Հայաստան կ՚օգնէ Ռուսաստանի «Ալռոսա» ընկերութեան Արեւմուտքի պատժամիջոցները շրջանցելու համար։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, գերմանական աղբիւրը տեղեկացուց, որ այսպէսով ռուսական ադամանդները կ՚արտածուին դէպի արեւմտեան շուկայ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ճատրակի առասպել Լեւոն Արոնեան այս օրերուն կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ան վերջին շրջանին իրերայաջորդ մրցաշարքերու կը մասնակցի ու կը նուաճէ նոր գագաթներ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Նախագահ Էրտողան. «Ոեւէ մէկը չի կրնար դաւ հիւսել թուրքերու եւ քիւրտերու եղբայրութեան դէմ»:
Սուրիոյ ներքին կայունութեան երաշխաւորումը Անգարայի եւ Դամասկոսի հրատապ համագործակցութեան կիզակէտին:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Չինաստան ուղեւորութեան աւարտին կ՚անցնի Ճաբոն։ Թիէնծինի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին մասնակցելէ վերջ, երէկ, Փաշինեան Փեքինի մէջ տեսակցեցաւ Ասիոյ ենթակառուցուածքային ներդրումներու դրամատան (ԱԵՆԴ) նախագահ Ծին Լիցզիւնի հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասը, առաջ Աստուած, պիտի գտնէ՝ իր այնքան կարօտած խաղաղութիւնը։ 
Նախագահ Էրտողան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին համար դէպի Չինաստան կատարած ուղեւորութենէ վերադարձի ճանապարհին։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ յամառ պայքար մղել՝ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վտանգուած սեփականութեան իրաւունքը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1960-ին, անգործ էի: Արաբականութիւնը, ի՛նք եւս, անգործ էր, եւ երանի՜ այդպէս մնար: Այդ ատեն «Ալ-Շըըր»1 պարբերականին հիւր էի, իսկ ամբողջ խմբագրակազմը հիւր էր պարբերականին տիրոջ՝ Եուսէֆ ալ-Խալին2: Իսկ Եուսէֆ ալ-Խալը հիւր էր ալ-Սատաթ փողոցին՝ Րաըս Պէյրութի մէջ:

Էջեր