Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

Ամերիկահայ մեծանուն գործիչին գիտական եւ մարդասիրական ներդրումը կ՚արժեւորուի ժամանակներու մէջ:
Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի ընկերային հետազօտութիւններու կեդրոնը անուանակոչուած է ի պատիւ ողբացեալ Վարդան Գրիգորեանի, որու ղեկավարման տարիներուն կառոյցը դարձած էր համաշխարհային ճանաչմամբ կրթական հաստատութիւն մը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ռաշիտ կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ:
Երեւան-Պաղտատ առանցքին լուրջ աշխուժութիւն բարձր մակարդակի շփումներով՝ տարածաշրջանի նոր համայնապատկերին վրայ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

Իսրայէլի կառավարութեան եւ «Համաս»ի միջեւ համաձայնութիւն՝ բախումները 4 օրով կասեցնելու համար:
Գերիներու յանձնում եւ մարդասիրական մեծաքանակ օժանդակութեան փոխադրութեան համար հնարաւորութիւն:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ վերստին դատուիլ պիտի սկսի յառաջիկայ դեկտեմբերի 26-ին։ Օկիւն Սամաստ, որ վերջերս բանտէն ազատ արձակուած էր, այժմ պիտի դատուի՝ մինչեւ տասներկու տարի բանտարկութեան պահանջով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ նպատակի մը հասնելու, յաջողած ըլլալու համար՝ անհրաժեշտ են անցնիլ երեք հանգրուաններէ, կամ ըսենք, երեք գործողութիւններէ։ Արդարեւ, նպատակի հասնիլ դիւրին չէ. վաստակ, աշխատանք պէտք է յաջողութեան համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այս բաժնով որպէս վերջաբան կ՚ուզենք ձեր հետ բաժնել մեր մեծագոյն մանկավարժներէն Խրիմեան Հայրիկի մտածումներով, որոնք հակառակ 135-145 տարուան հնութեան, կը շարունակէ մնալ այժմէական:
Այդ աշխատութիւններէն մեծագոյնը կարելի է նկատել Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութիւնը, որ գրուած է մեր թուականէն 147 տարիներ առաջ՝ 1876 թուականին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սիրոյ արտայայտութիւնները հիներուն մէջ: Անոր դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ: Հաճոյանալու բաղձանքը, իբրեւ բնազդային զգացմունք: Արդի հասարակութեան հայեացքը սիրոյ վրայ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան եւ Յակոբ Սրկ. Մինասեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Կոյս Աստուածամօր տաճար ընծայման տօնը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան, որուն կ՚ընկերանային իր արժէքաւոր գործակիցներէն Այգ Էրքման, Սիմոն Քումրալ եւ Մասիս Ռիւստեմ, ինչպէս նաեւ Թամար Քարասու, որ միեւնոյն ժամանակ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։ Յառաջիկայ դեկտեմբերի 10-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան տարեկան սիրոյ սեղանը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու կազմի սիւներէն՝ Նուարդ Պարընը, Նատին Վանլըօղլու-Թաշն ու Սարվէն Սըրատաղը։ Նկատի ունենալով, որ այս կիրակի Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը նախատեսուած է՝ թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, խմբագրատունս այցելեցին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ հանրային կարծիքը լուսաբանելու նպատակով։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, որ այս տարի 203-րդ անգամ բացած է իր դռները, ունի շուրջ 9 միլիոն լիրայի պիւտճէի բաց մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վրացահայ անուանի նկարիչ Ճոտտոյի՝ Գէորգ Գրիգորեանի թանգարանը Երեւանի մէջ հիմնադրուած է տակաւին 1977 թուականին եւ կը նկատուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի մէկ մասնաճիւղը, որ կը գործէ Մաշտոց պողոտայի վրայ՝ շէնքի մը մէջ: Այդ արուեստանոց-թանգարանին մէջ ներկայացուած են նկարիչի ստեղծագործական ժառանգութիւնը, յուշային ձեռագրային նիւթեր, անձնական իրեր:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Սաղիմահայութիւնը կը ջանայ իր սահմանափակ ներուժով տէր կանգնիլ Սուրբ Քաղաքի իրաւունքներուն:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան զօրակցելու հետամուտ շրջանակները նպատակայարմար կը գտնեն այս փուլին՝ «Կովերու պարտէզ»ի վարաձակալութեան չեղարկեալ պայմանագրի բնագրին հրապարակումը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

«Սապահ» օրաթերթի առցանց տարբերակին մէջ երէկ արձագանգ գտան՝ Գատըգիւղի ընտանիքին իսկապէս մեծ ցաւ ու մտահոգութիւն պատճառած՝ շուրջ մէկուկէս տարուան վաղեմութեամբ իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի պարագային խնդրոյ առարկայ դարձած է դրամաշորթութիւն մը, որ թէ՛ թաղեցիներուն եւ թէ համայնքային շրջանակներուն արդէն ծանօթ էր, սակայն մամուլին մէջ արձագանգ չէր գտած։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած խումբ մը դեսպաններ վերջերս այցելեցին Մատենադարան, ուր կատարեցին շրջայց մը, որու ընթացքին ծանօթացան մշտական ու ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։ Օտարերկրեայ դիւանագէտները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Մատենադարանի վերականգնման բաժինն ու արխիւային վաւերագրերու պահոցը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

«The Armenian Mirror-Spectator» անգլիատառ շաբաթաթերթը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Պոստոնի մէջ կազմակերպուած փայլուն ձեռնարկը համախմբեց ամերիկահայ շրջանակներէն բազմաթիւ հեղինակաւոր դէմքեր: Հանգանակութիւն ալ կատարուեցաւ՝ Արցախէն տարհանեալներու կարիքներու դիմագրաւման ֆոնտին համար:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակեալ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ թէեւ բանտէն դուրս եկած է, սակայն, ըստ վերջին իրադարձութիւններուն, դժուար թէ կարողանայ այդպէս շարունակել։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Օկիւն Սամաստ բանտէն դուրս գալով պահ մը կարծած է, թէ այլեւս փրկուած է, սակայն ներկայիս նոր մեղադրանքներու, հետեւաբար նաեւ նոր դատավարութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարեց, որ Հայաստանի տարածքով որեւէ ճանապարհ պէտք է վերահսկուի նոյնինքն Հայաստանի կողմէ։
Եւրոպացի պաշտօնատարը «Արմէնփրէս»ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարներուն։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթի երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ընկերային ցանցերու վրայ ան գրառումով մը ուրախութիւն յայտնեց՝ դէպի Հարաւային Կովկաս իր ուղեւորութեան մեկնարկին կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Կովկասէ ներս նոր խաղերու հետամուտ են անոնք, որոնք ջանացին Կիպրոսի թուրքերը շրջափակումներով ետ կասեցնել իրենց արդար դատէն։
Նախագահ Էրտողան երէկ, Անգարայի մէջ գլխաւորեց կառավարութեան ժողովը, որու աւարտին յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։

Էջեր