Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի նոր կառավարութեան սեղանին վրայ առաջնահերթ է սահմանային շրջաններու վերականգնումը:
Երկրի տնտեսութեան վերակառուցման շատ կարեւոր է՝ միջին խաւերու դրամատնային գումարներու վերադարձուիլը:

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ատափազարի յուշամատեանները կը պատմեն անհետացած հայկական այդ քաղաքին մասին, որ շէն եւ ծաղկուն հայաւան մըն էր։ Ներկայիս Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմուտքի այդ բնակավայրը, ըստ պատմական աղբիւրներու, հիմնած են 14-րդ դարու վերջին Սեբաստիայէն գաղթած հայեր եւ իրենց առաջնորդի անունով զայն կոչած՝ Տօնիկաշէն

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Խտրականութիւնը բազմաթիւ հասարակութիւններէ ներս դարձած է (եւ ցաւօք, տակաւին) այնպիսի յատկանիշ մը, որ «բնական» կամ «բնածին» կը համարուի: Փաստօրէն, այս եզրակացութեան յանգած են որոշ հոգեբաններ, որոնք ուսումնասիրած են ներկայ եւ նախկին ժամանակներու մարդկային վարքերը:

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ կ՚աղօթէ ինչպէս որ կ՚ապրի, քանի որ մարդ կ՚ապրի ինչպէս որ կ՚աղօթէ։ Եթէ մարդ չուզէ սովորաբար գործել ըստ Հոգիին Քրիստոսի, ո՛չ ալ կրնայ սովորաբար աղօթել Անոր անունով։

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատ մը դասատուներ անտարբերութիւնը կը շփոթեն լրջութեան հետ. ամէն դասատու կ՚ուզէ իր անձին շուրջ խորհրդաւորութիւն մը ստեղծել եւ շատ անգամ այդ մէկը սխալ անդրադարձ կ՚ունենայ, որովհետեւ լրջութիւնը այլ բան է, իսկ անտարբերութիւնը ամբողջութեամբ այլ բան:

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

Շաբաթավերջին, Աթագիւղի մարզահամալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Իսթանպուլի մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Փոքրերու դասաւորման համար կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբը։

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

Համաշխարհային ջուրի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ կազմակերպուեցաւ՝ միջազգային մակարդակով մարտահրաւէրի վերածուած ջուրի արդիւնաւորման խնդրին վերաբերեալ կարեւոր հաւաք մը։

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

«Հայճար»ի 11-րդ ընդհանուր ժողովը շաբաթավերջին գումարուեցաւ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Նազար Շիկահերի կողմէ գլխաւորուած անցեալ շրջանի վարչութեան գործունէութեան վերաբերեալ բոլոր տեղեկագիրները վաւերացուեցան միաձայնութեամբ։

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

Խոր ցաւով կը հաղորդենք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է քաղաքիս մէջ հայ մամուլի երկարամեայ վաստակեալներէն մին, որ շուրջ քսան տարի եղած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ցրուիչը։ Ոչ եւս է Մկրտիչ Կիւլլապեան, որ իսկական նուիրեալ մըն էր ու մեծ զոհողութիւններով ապահոված էր, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները կարողանան ամէն օր կանոնաւոր ձեւով ունենալ իրենց հարազատ թերթը։

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

Մեծ պահոց շրջանի Անիրաւ տնտեսի կիրակիին, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վստահաբար շատեր ականատես եղած են կամ լսած, թէ ինչպէս շատեր կը յայտարարեն, թէ զԱստուած կը պաշտեն ու կը սիրեն զԻնք, սակայն յաջորդ վայրկեանին իսկ կը սկսին բամբասել իրենց ընկերներուն կամ ծանօթներուն մասին, երբեմն նոյնիսկ կ՚անիծեն իրենց ծանօթ այս կամ այն անձը, որովհետեւ իրենց ուզածը չէ ըրած, կամ իրենց ուզածին պէս չէ խօսած, եւ այլն: 

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ երէկ հանդիպում մը ունեցան Թիֆլիզի մէջ։ Երկու վարչապետները շաբաթավերջին իրերայաջորդ ձեւով տեսակցեցան։

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը հաւատանք, որ ապագայ մարդկութեան մեծագոյն խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ ուսուցիչի պակասը (իրականութեան մէջ մեր օրերուն եւս կ՚ապրինք այդ դժբախտութիւնը). վստահաբար անձեր պիտի ըլլան, որ ուսուցչութեան պաշտօն պիտի ուզեն ընել.

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պալթեան երկիրներու թեմակալ առաջնորդ։ Նորին Սրբազնութիւնը մարտի 25-ի դրութեամբ պիտի ձեռնարկէ իր նոր առաքելութեան։ 

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ բովանդակութիւնը համաձայնեցուած ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուելէ անմիջապէս վերջ պիտի հրապարակուի։

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Արարատ Միրզոյեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Ռիոյի մէջ, շնորհաւորեց ռուս պաշտօնակցին ծննդեան տարեդարձը։

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան հետաքրքրական ձեռնարկներ։ Այսպէս, «Բանաւոր» պատմութեան խումբը աշակերտներուն հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան հայկական ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025

​Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Ապտուլլահ Աթաքան Աթասոյի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Կիւմիւշսույուի «CVK Park Bosphorus» պանդոկի համալիրէն ներս։

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Շատ մը մարդոց մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ Աստուած միշտ պարտաւոր է լսելու մեզ, մեր փոխարէն գործելու, օգնելու եւ առաջնորդելու մեզ: Այս մարդիկ, սակայն, կը մոռնան, որ առանց իրենց ունեցած այդ տպաւորութեան կամ սպասումին, Աստուած արդէն իսկ կը լսէ մեզ, շատ յաճախ մեր փոխարէն կը գործէ՝ մեր միտքը լուսաւորելով եւ իմաստութիւն պարգեւելով մեզի, միշտ կ՚օգնէ մեզի ու կ՚առաջնորդէ մեր քայլերը:

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025

Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը երէկ բացուեցաւ ժամանակաւորապէս։ Այսպէս, Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օժանդակութեան փոխադրութեան համար օգտագործուեցաւ Մարգարա-Ալիճան անցակէտը։

Էջեր