Արխիւ
Պելժիոյ մէջ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Լիէժի հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ տեղւոյն Ասորի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսաւոր արարողութեան եւ յաջորդած պաշտօնական ճաշկերոյթին։
Արեւմտեան թեմի Խաչատուրեան դ. դաս-երգչ.ի տարեդարձը բնորոշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ:
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Լոս Անճելըսէն անցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, իսկ այս կիրակի պիտի պատարագէ Փրովիտընսի մէջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեր տունը պրպտած ատեն կարելի է զանազան անկիւններէ գտնել թուղթեր: Թուղթեր՝ ոչ թէ հասարակ, այլ յոյժ կարեւոր: Տարբեր թուականներու պատկանող այդ թուղթի կտորներու վրայ ես կազմած եմ նիւթական օգնութեան ցուցակներ:
ՎԻԳԷՆ Լ. ԱԴԴԱՐԵԱՆ
Սիրելի դասընկերներ,
Իսկապէս սրտի մեծագոյն կսկիծով այս շաբաթավերջին ստացայ Ժիրայր Դանիէլեանի մահուան գոյժը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Սէր եւ ատելութիւն. այս երկուքը կարծէք անբաժան ընկերակիցներն են մարդոց, միշտ ներկայ են անոնց առօրեային մէջ: Առակաց գիրքին մէջ սիրոյ եւ ատելութեան մասին գրուա՞ծ է:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Շատ կը քննարկուի, թէ ի՞նչ ըսել է պատմական սխալ եւ ինչպէ՞ս ու ինչպիսի՞ հանգամանքներով, չափանիշներով ու պրիսմակներով կը դիտուի ան: Բնականաբար, պատմական սխալ ընկալումն ու հաստատագրումը աւելի քաղաքական տեսակաւորումներ են, ինչպէս ընդհանուր մարդկային պատմութեան ընթերցելի, վերծանելի որդեգրուած եւ ներկայանալի տարբերակը քաղաքականն է, քանի ղեկավարումով զարգացած է մարդկութիւնը:
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Եթէ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է (Հռ 6.23), հապա սատանան ինչո՞ւ չմեռաւ, նկատի ունենալով որ առաջին մեղանչող արարածն է:
Պատասխան. Սատանային համար ըսուած մահը՝ յաւիտենական կորուստն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նեղութիւններ անխուսափելի են աշխարհի վրայ, արդարեւ աշխարհ, որու վրայ կ՚ապրի իր երկրային կեանքը մարդ, երբեք բուրաստան մը չէ։ Ցաւը եւ վիշտը, նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ, ամէն տեսակ չարիք աշխարհը «աշխարհ» կ՚ընեն, եւ ապրելու համար մարդ պէտք է տոկայ, հանդուրժէ այդ բոլորին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ պահ մը ականատես ըլլաք, թէ երիտասարդ աղջնակ մը շէնքի մը տանիքը բարձրացած ինքզինք ցած նետել կ՚ուզէ, ի՞նչ կ՚ընէք. զինք համոզել կը փորձէ՞ք, որ նման քայլի չդիմէ, կը խրատէք եւ կը փորձէք մխիթարիչ մը դառնալ՝ զինք հեռու պահելու անդառնալի այդ քայլէն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պարզ էր, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը՝ Ծերակոյտի հետեւողութեամբ պիտի յանգէր նման բանաձեւի: Երեւոյթը շատ նման է 44-օրեայ պատերազմին Ֆրանսայի երկպալատ բանաձեւերուն, որոնք կոչ կ՚ուղղէին Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու:
Անգարա-Պաքու-Մոսկուա առանցքին վրայ այս շրջանին դարձեալ դիւանագիտական երթեւեկը խտացած է, ինչ որ Հարաւային Կովկասի առկայ հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։
Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2022» երգի մրցոյթի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Մասնակիցները մայրաքաղաքի կեդրոնին վառեցին գլխաւոր տօնածառի լոյսերը, ինչ որ ազդարարեց մրցոյթի պաշտօնական բացումը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի ներկայացուցիչներէն մին՝ Իրմա Հատկալուրեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս յարգանքի եւ սիրոյ առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր Իրմա Հատկալուրեան, որ Գատըգիւղի ընտանիքի մօտաւոր անցեալի յայտնի դէմքերէն մին եղած էր։
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան վերաբերեալ գործընթացը կը շարունակէ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այժմու թաղային խորհուրդը կազմած է ինքնուրոյն ընտրական մարմին մը, որու գրեթէ բոլոր անդամները մեր համայնքէն դուրս դէմքեր են։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած է արժէքաւոր երիտասարդներէ բաղկացեալ խումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճի:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ իր օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, որոնք այցելեցին Գումգաբու:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ընդհանրապէս աշխարհի բոլոր քաղաքները օժտուած կ՚ըլլան մեծ ու փոքր պարտէզներով, որոնք անկասկած մեծ գոհունակութիւն կը պատճառեն բնակիչներուն: Ամերիկայի ամբողջ տարածքին կը հանդիպինք նման պարտէզներու կամ պարտիզակներու, որոնց «փարք» անունը կը տրուի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Եթէ դժուարահաճ մասնագէտներ, իր նկարչական արտադրութեանց մէջ տեսնել ուզեն մէկէ աւելի թերութիւններ, պիտի չկարենան, սակայն չխոստովանիլ, թէ ունին այնպիսի յատկութիւն մը, որ շատերուն կը պակսի եւ որ չի ստացուիր փորձառութեամբ կամ աշխատութեամբ:
Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններէն ներս երէկ քուէատուփի մօտ փութաց 3 հազար 607 հոգի:
Համայնքային ընտրութիւններուն հերթական փուլը:
Ռումելիհիսարի եւ Պալաթի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն ղեկը վստահուեցաւ կապոյտ ցուցակներուն: Սկիւտարի Ս. Կարապետ եւ Գուզկունճուքի եկեղեցիներուն մէջ գործի գլուխ եկաւ նոյն կազմը:
Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան մօտաւոր անցեալի 100-ամեակին առթիւ հրատարակուած յոբելենական յուշամատեանի շնորհանդէսը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկ պատարագեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, իսկ այս շաբաթավերջին այցելեց Արեւմտեան թեմը։