Արխիւ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հանդիպում մը ունեցան Տուշանպէի մէջ, ուր մասնակցեցան «Ասիոյ սիրտ-Իսթանպուլեան գործընթաց» համաժողովին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակեր Արքեպիսկոպոսին հետ։ Զրոյցի ընթացքին Արա Այվազեան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի հետ առաւել ամրապնդելու եւ խորացնելու համար յարաբերութիւնները, որոնք պատմական ու հոգեւոր համընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած են։
Իրանի միջուկային ծրագրի վերահաստատման նպատակով կը նախատեսուի երկխօսութիւն յառաջ տանիլ:
Էմմանիւէլ Մաքրոն, Վլատիմիր Փութին եւ Անկելա Մերքել տեսաժողովի ձեւաչափով անդրադարձան հրատապ հարցերու:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Լոյս տեսաւ «Անկախութիւնը եւ ազատական բարեփոխումները» ժողովածոյի երկրորդ հատորը։ Ժողովածոն նուիրուած է այն քայլերուն, որոնց 90-ականներուն ձեռնարկած է Անկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանը՝ Գերագոյն խորհուրդը՝ պետական եւ հասարակական նոր կառոյցներ ստեղծելու ուղղութեամբ։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ եթէ Հայաստանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան վերստին վարչապետ դառնայ, ապա ամբողջ աշխարհ Հայաստանի վրայ պիտի ծիծաղի եւ այդ բանէն վերջ Հայաստան որեւէ բան չի կրնար ընել։
Երբ միջազգային բեմահարթակի վրայ ուժերու նոր վերադասաւորումներ տեղի կ՚ունենան եւ մանաւանդ՝ Արեւմուտքը կը փորձէ դիրքաւորուիլ Արեւելքի յառաջատար դերակատարներուն դէմ, Փեքին-Թեհրան յարաբերութիւնները արդէն նոր թափ կը ստանան։ Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ շաբաթավերջին ստորագրուեցաւ ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որ ունի քսանհինգ տարուան ժամկէտ մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն աշխարհի քառասուն պետութիւններու ղեկավարները յաջորդ ամիս հրաւիրեց Ուաշինկթըն՝ կլիմայի փոփոխութիւններուն ձօնուած գագաթաժողովի մը մասնակցելու։ Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ճօ Պայտընի տանտիրութեամբ կազմակերպուելիք համաժողովը նախատեսուած է 22-23 ապրիլին։
Թուրքիոյ բնակչութեան 80 տոկոսը վերստին համաճարակի տեսակէտէ վտանգաւոր գօտիի մը մէջ մնաց:
Կառավարութեան երէկուան երկարատեւ ժողովին ժամանակ որոշուեցաւ դարձեալ խստացնել սահմանափակումները:
Ըստ Այվազեանի, Հայաստան կ՚ակնկալէ, որ Թուրքիա փոխէ իրեն դէմ որդեգրած քաղաքականութիւնը:
«Արցախի պատերազմը ապացուցանեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքը ձախողած է»:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ թրքահայ լուսանկարիչ Տայք Տանձիկ ընտրուած է İFSAK-ի (Իսթանպուլի լուսանկարի եւ շարժանկարի սիրողներու միութիւն) նախագահ։
İFSAK-ի 54-րդ համագումարը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Հաշուապահներու եւ ելմտական խորհրդականներու սենեակի դահլիճին մէջ։ 1959 թուականին ստեղծուած այս կառոյցը Թուրքիոյ ամենահեղինակաւոր լուսանկարչութեան ու շարժանկարի կազմակերպութիւններու շարքին կը դասուի։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան 18-րդ հերթական համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Ճուն Եամատայի հետ, որ այս շրջանին դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու վրայ է Հայաստանի մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Տէյլի Սապահ» նշանաւոր օրաթերթը հրապարակում մը պատրաստած է Եգիպտոսի զարգացման հոլովոյթին մէջ մեծ դեր ունեցած հայ արհեստաւորներուն մասին: Թերթը անդրադարձած է ընտանիքի մը, որ դարէ մը աւելի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ պապենական գործը լուռ ու մունջ առաջ կը տանի, առանց ենթարկուելու քաղաքակրթութեան վնասարարութեան:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հովիւը վեց յատկութիւն ունի, որ այստեղ ըսաւ. նախ՝ որովհետեւ դռնէն կը մտնէ փարախին մէջ: Երկրորդ՝ քանի որ դռնապանը կը բանայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաքինութիւն, ինքնութիւն ու բարեկեցութիւն՝ մարդկային կեանքին անհրաժեշտ արժէքներն են՝ որոնք կը կատարելագործուին զգացական կեանքը չափաւոր ու նպատակայարմար գործածելով։
Կեանքի պայքարը ընթացք կը ստանայ՝ մարդկային մտածումներու, կիրքերու, արժէքներու համեմատ, որոնք երբ նպատակայարմար գործածուին իմաստութեամբ ապրելու պատճառ կը դառնան։
Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Մոցարթի ծննդեան 265-ամեակին ձօնուած համերգ մը։ Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին հանդէս եկան հանրայայտ դաշնակահար Սվետլանա Նաւասարդեան եւ «Armenian» լարային քառեակը։
Մարտի 27-ի Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին կատարուեցաւ «Արտաւազդ» թատերական մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիս հրաժարական պիտի տայ, որպէսզի արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունենան երկրին մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին այցելեց Հայաստանի Արմաւիրի մարզը, ուր ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ երկրի ներքին քաղաքական կացութեան եւ այժմ դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներուն։
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման հերթական հանրահաւաքը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին անգամ մը եւս ընդդիմադիր ցուցարարներ համախմբուեցան՝ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր գլխաւորած կառավարութեան հրաժարականը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իզլանտան։ 2022 թուականին նախատեսուած Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներուն ծիրէն ներս, «J» խմբակէն ներս, հայկական ընտրանին երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Իզլանտայի ազգային հաւաքականը։