ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ 7 նոյեմբերին նախատեսուած է եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնն ու թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան նուիրահաւաքը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդը հանգանակութեան ընդառաջ Պատրիարքարան այցելեց օրհնութիւն ստանալու համար։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց դպրոցի առկայ կացութեան ու մանաւանդ՝ առկայ կարիքներուն շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը եւ յոյս յայտնեց, թէ միասնականութեան ոգիով պիտի յաղթահարուին առկայ նեղութիւնները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021